Մարզական

«Թուր Տը Ֆրանս». Քրիս Ֆրում Իր Մօտ Պահեց Դեղին Շապիկը

Անգլիացի հեծելանւորդ Քրիս Ֆրում կարեւոր քայլ մը առաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ծիրին մէջ «Թուր տը Ֆրանս»-ի չորրորդ տիտղոսին տիրանալու իմաստով, երբ աւարտեց երէկուան 19-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Էմպրիւնէն Սալոն տը Փրովանս (222,5 քմ): Անգլիացին յաջողեցաւ իր մօտ պահել դեղին շապիկը` արձանագրելով 83 ժամ 26՛ 55՛՛ արդիւնք մը: «Սքայլ» խումբին մաս կազմող Ֆրում այժմ 23՛՛-ի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ 2 – 0 Արդիւնքով Յաղթեց Մանչեսթըր Սիթիի

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մանչեսթըրի տերպին տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքէն դուրս, երբ Հիուսթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) երէկ իրարու դէմ ճակատեցան Եունայթըտ եւ Սիթի: Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, 2 - 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի եւ անգլիացի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլերուն, յաջորդաբար 37-րդ եւ 39-րդ վայրկեաններուն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ...

Ճիպութիի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Լուծարուեցաւ

«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ Ճիպութիի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լուծարեց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը` անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարզիչներն ու այլ պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստները հեռացուեցան: Այժմ շեշտը պիտի դրուի պատանեկան եւ երիտասարդական ազգային խումբերուն վրայ: Ֆետերասիոնը այս որոշումին յանգեցաւ, երբ Ճիպութի 5 - 1 արդիւնքով պարտուեցաւ Եթովպիայէն: Նշենք, որ Ճիպութի ՖԻՖԱ-ի միջազգային դասաւորումին մէջ կը...

Պարսելոնա Նէյմարի Պատճառով Դադրեցուց Իր Կատարելիք Փոխանցումներուն Արշաւը

Վերջին օրերուն շատ կը խօսուի պրազիլցի ֆութպոլի աստղ Նէյմարի Պարսելոնայէն հեռացման մասին: Կը կարծուի, որ անոր յաջորդ ակումբը Փարիզ Սեն ժերմենը պիտի ըլլայ: Այդ իսկ պատճառով, Պարսելոնա դադրեցուց իր կատարելիք փոխանցումներու արշաւը` նկատի ունենալով, որ անոր ապագան եւ ճակատագիրը կը մնան անորոշ` քաթալոնական ակումբին մէջ: Sport.es կը նշէ, որ եթէ Նէյմար որոշէ մնալ Պարսելոնայի հետ, խումբը իր կազմին պիտի միացնէ...

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ Մրցումին Իրաւարարները Յստակացան

8 օգոստոսին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին Ռէալ Մատրիտ - Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը: «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է իտալացի Ճիանլուքա Ռոքի: Անոր օգնականները պիտի ըլլան իտալացիներ Էլենիթօ Տի Լիպերաթորէ եւ Մաուրօ Թոնոլինի: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտ տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսին, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ հանդիսացաւ «Եուրոփա լիկ»-ի...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Լիբանանի 25 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ապիճան

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 23-30 յուլիսին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, երէկ կէսօրին Ապիճան (Փղոսկրեայ Ափունք) մեկնեցաւ Լիբանանի 25 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի ազգային խումբը: Ստորեւ` լիբանանեան պատուիրակութեան կազմը. Սարգիս Քորճեան (մարզիչ), Ժատ Հաժ (օգնական մարզիչ), Նիքոլա Սաատէ (բժիշկ), Քլոտ Ապի Ժըպրայել (միջազգային իրաւարար), Քարին Նաժի, Տանիելա Ֆայեատ, Սարա Ախտար, Սարա Ղալայինի, Ժինա Ղոսէյն, Սաշա Մաթար, Ղինա Ֆալքահա, Ղիտա Տաուտ,...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Մասնակցի Միջազգային Մրցաշարքի

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 24-28 յուլիսին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը Սոչիի մէջ (Ռուսիա) պիտի մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը` իրեն մրցակից ունենալով Տաճիկիստանը, Ղազախստանը եւ Քրասնոտարի շրջանէն խումբ մը: Պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին` հայրենի կազմը 20 յուլիսին կը սկսի մարզական հաւաքի մը, ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան այս հաւաքին հրաւիրեց հետեւեալ ֆութպոլիստները....

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Հնդկաստան

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը մեկնեցաւ Հնդկաստան, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 23-30 յուլիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` Ռամի Ֆաուազ (նախագահ), Թոնի Ճունթոյեան (ազգային խումբի տնօրէն), Տիգրան Կէօքճեան (մարզիչ), Նելլի Նասսար Պուսթանի, Մարուան Տիապ (օգնական մարզիչներ), Ռապպահ Նըժէյմ (միջազգային իրաւարար), Էլի Մարուն, Ռոնի Քըֆուրի (բժիշկներ), Ալաա Ղուշամ (պատասխանատու), Ռեպեքա Աքըլ, Լամա Մուքատտեմ,...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցող Ասիա-Ովկիանիա տղոց թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանան, իր արձանագրած երեք յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Լիբանան յաջորդաբար յաղթեց Թուրքմենիստանի (2-1), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն (2-1) եւ Մալեզիոյ (2-1): Լիբանանի մարզիչն է Հիւսէյն Պատրէտտին, իսկ մարզիկները` Ճիովանի Սըմահա, Նեժիպ Ֆաքիհ, Հատի Հապիպ եւ Ժատ Պալլութ:

Լողարշաւ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Հունգարիա

Երէկ` հինգշաբթի, 20 յուլիսին, Պուտափեշտ (Հունգարիա) մեկնեցաւ Լիբանանի լողարշաւի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի լողարշաւի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 22-31 յուլիսին: Աւելի ուշ, լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի միանայ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Թոնի Նասսար:

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերու Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) այսօր տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու 8-րդ խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հակառակ անոր որ խաղերուն բացումը այսօր է, սակայն տեղի պիտի ունենան մրցումներ, որոնց կարգին` Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբը մրցում մը ունի կատարելիք Պուրքինա Ֆասոյի դէմ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին: Աղջկանց խումբը (18-25 տարեկան) վաղը կը մրցի Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ: Աթլեթիզմի մրցումները կը սկսին երկուշաբթի...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Աւարտեց Իր Ելոյթները

Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, 20 տարեկանէն վար Հայաստանի տղոց հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները` վերջին մրցումին ճակատելով Պելճիքայի դէմ: Այս խմբակին առաջին դիրքը գրաւող Պելճիքա 87-74 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս պարտութիւնը Հայաստանի համար եղաւ երրորդը` Ֆինլանտայէն եւ Պիելոռուսիայէն կրած պարտութիւններէն ետք: Հայաստան միայն յաջողեցաւ յաղթել Լեհաստանի, որ սակայն աւարտին գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը: Ստորեւ` վերջնական...

Ռոզպըրկ Հանդիպում Ունեցաւ Մխիթարեանի Հետ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտի կատարած փորձերուն ներկայ եղաւ նաեւ 2016-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի գերմանացի ախոյեան Նիքօ Ռոզպըրկ: Գերմանացի ախոյեանը այս առիթով կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ եւ ապա լուսանկարուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, որուն միջազգային հռչակը հետզհետէ կը ծաւալի եւ այնպէս կը թուի, որ բոլորն ալ կ՛ուզեն, որ հայրենի ֆութպոլիստին հետ լուսանկարուին:

Մորաթթա Միացաւ Չելսիի

Սպանացի ֆութպոլիստ Ալվարօ Մորաթթա իր ակումբը` Ռէալ Մատրիտը լքելով միացաւ լոնտոնեան կազմերէն Չելսիի` վերջինիս հետ ստորագրելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Անոր փոխանցման համար անգլիական ակումբը համաձայն գտնուեցաւ Ռէալ Մատրիտի վճարել 80 միլիոն եւրօ: Իսկ իբրեւ աշխատավարձ 24 տարեկան ֆութպոլիստը տարեկան պիտի գանձէ 9 միլիոն եւրօ: Այսպիսով, Մորաթթա դարձաւ սպանացի ամէնէն սուղ մարզիկը, որ կը ծախուի այլ ակումբի մը: Ասկէ բացի,...

Յստակացաւ Ալաշկերտի Գանձելիք Գումարը

Յստակացաւ Ալաշկերտի Գանձելիք Գումարը

Ինչպէս ծանօթ է, եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցողները իւրաքանչիւր հանգրուանէ ետք որոշ գումար մը կը ստանան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն: Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ հասաւ Բ. հանգրուան, բայց եւ այնպէս անկէ անդին չկրցաւ անցնիլ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն պիտի գանձէ 800 հազար եւրօ:

Պայէրն Միւնիխ Ունեցաւ Իր Նոր Խմբապետը

Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պատասխանատուներէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբի նոր խմբապետ նշանակուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ փոխարինեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած Ֆիլիփ Լահմը: 2011-ին Շալքէէն Պայէրն Միւնիխ տեղափոխուած Նէօյըր միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ ազգային խումբին խմբապետն է:

«Լա Լիկա». Այսօր Կը Հրապարակուի 2017-2018 Տարեշրջանի Յայտագիրը

Հակառակ անոր որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այժմ անել կացութեան մատնուած է. անոր նախագահին` Անխել Մարիա Վիլարի եւ այլ պատասխանատուներու ձերբակալումին պատճառով, սակայն իրենց գումարած մէկ նիստին ընթացքին, ֆետերասիոնին անդամները յայտարարեցին, որ ուրբաթ, 21 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Լա լիկա»-ի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը: Սկզբունքով անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենար երէկ, բայց անիկա յետաձգուեցաւ ուրբաթ օրուան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մութթահետ` 51-57

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ճակատեցաւ Մութթահետի դէմ, 57-51 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (15-11, 22-26, 43-59 եւ 51-57): Նշենք, որ այս պարտութիւնը ՀՄԸՄ-ի համար եղաւ տարեշրջանի երկրորդը: 4-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ կը մրցի Էներժիի դէմ, կիրակի, 30 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ:

Ըմբշամարտ. Վարշամ Բորանեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարշամ Բորանեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքի մը, 71 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալի, հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Այս մրցաշարքը յառաջիկայ օգոստոսին տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան նախապատրաստական հանգրուան մըն է, որուն Հայաստանի ըմբիշներէն մասնակցեցաւ միայն Բորանեան: Յայտնենք, որ ան վնասուածքի պատճառով բացակայեցաւ վերջերս Թիֆլիսի...

«Ֆորմիւլա-1»-ի Ախոյեանին Չթոյլատրեցին Առանց Գուլպաներու Մուտք Գործել Պատուոյ Թրիպիւն

Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, սակայն աւարտականի ճակատումին տեղի ունեցաւ բաւական արտասովոր դէպք մը: Աւարտական մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքող «Ֆորմիւլա-1»-ի գործող ախոյեան գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկին արտօնութիւն չեն տուած մուտք գործել պատուոյ թրիպիւն` նկատի ունենալով, որ ան առանց գուլպաներու էր: Պատուոյ թրիպիւն մուտք գործող հրաւիրեալները պէտք է հագած ըլլան յատուկ համազգեստ, տղամարդիկը` պաշտօնական...

Page 949 of 1277 1 … 948 949 950 … 1,277

Արխիւներ