Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրի մարզադաշտին մէջ շաբաթ, 22 յուլիս 2017-ին աւարտեցան Հայաստանի նախագահի մրցանակի համար արդէն աւանդաբար` 14-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող «Լաւագոյն մարզական ընտանիք» մրցումի 2017-ի եզրափակիչ փուլի մրցումները:
«Լաւագոյն մարզական ընտանիք-2017» մրցումը կազմակերպուած է երեք փուլերով, չորս տարիքային խումբերով` 6 մրցաձեւերով: Մրցումի Ա. փուլին Արցախէն, Երեւան քաղաքէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 10 մարզերէ մասնակցած է 1516 ընտանիք կամ 4548 մարդ: Եզրափակիչ փուլ անցած է նախնական փուլերը յաջողութեամբ յաղթահարած 144 ընտանիք:
Մրցումի եզրափակիչ փուլին այս տարի մասնակցած է նաեւ հաշմանդամութիւն ունեցող 23 ընտանիք` հանրապետութեան մարզերէն, Երեւան քաղաքէն եւ Արցախէն:
Առաջին տեղը գրաւած ընտանիքները պարգեւատրուեցան 500-հազարական դրամով, 2-րդ տեղը` 400-հազարական, իսկ 3-րդ տեղը` 300-հազարական դրամով:
Եզրափակիչ փուլ անցած 144 ընտանիքի եւ հաշմանդամութիւն ունեցող 23 ընտանիքի բոլոր երեխաները Հայաստանի նախագահին կողմէ ստացած են խրախուսական նուէրներ: