Երէկ կէսօրին Ապիճան (Փղոսկրեայ Ափունք) մեկնեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ապտօ Նատեր, Քայսար Սալլում (պատասխանատուներ), Ապտալլա Աար, Եուսեֆ Մրատ, Ճոն Աուն, Ռոյ Ռուքոզ, Էմիլ Տաու եւ Իսքանտար Իրանի:
Էլիաս Ապու Ռաշետ Ֆրանսայէն մեկնեցաւ Ապիճան` միանալու համար պատուիրակութեան:
Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր Ապիճանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ չորեքշաբթի, 26 յուլիսին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնին համագումարին: