Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի բարեկամական մրցաշարքի` Ախոյեաններու միջազգային բաժակ մրցումներու ծիրին մէջ, Սպանիոյ փոխախոյեան Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի: Յաղթական խումբին կոլերը նշանակեց Նէյմար` 15-րդ եւ 26-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ճորճօ Կիելինի նշանակեց Եուվենթուսի կոլը` 63-րդ վայրկեանին: Պարսելոնայի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթի, իսկ Եուվենթուս պիտի ճակատի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 27 յուլիսին:
Նոյն մրցաշարքի ծիրին մէջ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ Չինաստանի Շենչժեն քաղաքին մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց իտալական Ա. Սէ. Միլանէն: Իտալացի յառաջապահ Փաթրիք Քութրոնէ երկու կոլ նշանակեց: