Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ֆութպոլի խումբը, երէկ իր կատարած առաջին մրցումին 1 – 1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պուրքինա ֆասոյի հետ:
Թէեւ մրցումին 34-րդ վայրկեանին մրցակից կազմը բացաւ հաշիւը, սակայն Բ. կիսախաղին Լիբանան նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Քասեմ Շումի:
Վաղը` կիրակի, 23 յուլիսին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Լիբանան կը մրցի Կինէի դէմ: