Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, արձանագրելէ ետք չորս յաղթանակ, Լիբանան ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը:
Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Լիբանան Յորդանանի դէմ իր կատարած ճակատագրական մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով վերադարձաւ իր նախկին տեղը` Բ. դասակարգ, ուր կը մնար տարիներէ ի վեր եւ միայն վերջին քանի մը տարիներուն Գ. դասակարգին մէջ էր:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Լիբանանի կազմը արժանացաւ շատ մեծ ընդունելութեան:
Ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ եւ մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները:



