
Պէյրութի «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ շաբաթ, 22 յուլիսի յետմիջօրէի տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր խորհուրդը ընտրուեցաւ:
14 թեկնածուներէն ընտրուեցան. Ռեմոն Սըմաան, Ահմետ Ամարէտտին, Սըմաան Տուէյհի, Ժորժ Սոլաժ, Իսամ Սայեղ, Վահրամ Պարսումեան, Մազեն Քուպէյսի, Մուսա Մաքքէ, Մահմուտ Ռըպաա եւ Ուաէլ Շեհայեպ:
Ֆետերասիոնին 11-րդ անդամը արդէն իսկ ընտրուած էր:
Նախագահի պաշտօնին համար Հաշեմ Հայտար իր դէմ ոչ մէկ մրցակից ունենալով, կրկին ընտրուած էր նախագահ:
Հայտար յայտարարեց, որ համախոհական այս ցանկը կը ներկայացնէ լիբանանեան բոլոր ակումբները:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին 12 տարիներուն ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչն էր Համբիկ Միսաքեան:
Ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին միշտ աշխատեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի շահերուն եւ իր ամէն կարելին ըրաւ պաշտպանելու ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին շահերը:
Այս առիթով շնորհակալութեան յատուկ խօսք Համբիկ Միսաքեանին, միեւնոյն ժամանակ ալ յաջողութիւն Վահրամ Պարսումեանին` ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի նոր ներկայացուցիչին: