Լիբանանի ֆութսալի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, որ Վիեթնամի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան, թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին 9-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Շունպուրիէն (Թայլանտ), սակայն երկրորդ մրցումին յաղթեց Ուզպեքիստանի ախոյեան Մալիքի` 8-3 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պէյրութի դրամատունը յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Վաղը` չորեքշաբթի, 26 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Պէյրութի դրամատունը իր դէմ կ՛ունենայ ճափոնական Շրիքըր Օսաքա – Իրանեան Կիթիֆասանտ մրցումին յաղթանակը: Վերջինս տեղի կ՛ունենայ այսօր:



