Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) տեղի ունեցող ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան ապահովեց իր առաջին մետալը` նկատի ունենալով որ փինկ փոնկի խառն զոյգի մրցումներուն, Մոհամետ Համիէ եւ Մալաք Խուրի յաղթանակ արձանագրելով (Մաւրիտանիոյ դէմ) ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսը եւ նուազագոյնը ապահովեցին պրոնզ մետալ մը:
Սակայն Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը (18-25 տարեկան) կրեց անակնկալ պարտութիւն մը` իր կատարած առաջին մրցումին:
Լիբանան երեք կէտի տարբերութեամբ` 66-63 արդիւնքով պարտուեցաւ հիւրընկալ երկրէն` Փղոսկրեայ Ափունքէն:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թինա Ռաֆֆուլ (24), ապա` Մեղրի Թորոս (20) եւ Տանիելա Ֆայեատ (13):
Այս մրցումին ներկայ գտնուեցան շուրջ չորս հազար հանդիսատեսներ:



