Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յետսապահ Տանիլօ տեղափոխուած է Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթի ակումբ:
26-ամեայ ֆութպոլիստը անգլիական ակումբին հետ կնքած է 5 տարուան պայմանագիր: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, փոխանցման գինը եղած է 35 միլիոն եւրօ:
Պրազիլցի մարզիկը 2015-ին փորթուգալական Փորթոյէն փոխանցուած էր Ռէալ Մատրիտ, որուն կազմին մէջ մասնակցած է Սպանիոյ ախոյեանութեան 17 մրցումի, նշանակած է կոլ մը: