Մարզական

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Պատուեց «Տէյվիս Քափ»-ի Ախոյեանները

«Քանօ»-ի մէջ («Հոլիտէյ Պիչ») տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը պատուեց «Տէյվիս Քափ»-ի ախոյեանները, որոնք ապահովեցին Ասիա - Ովկիանիա շրջանի Բ. դասակարգի իրենց տոմսը` տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով Սրի Լանքայի մէջ: Ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ շնորհաւորեց ախոյեանները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Լիբանանի Աղջկանց Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սթարզ Աքատեմի Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Լուսանկարը Տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ յետմիջօրէին Պհամտունի մէջ գտնուող «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Սթարզ Ակադեմի եւ Զուք Մոսպեհ: Զուք Մոսպեհ, որ շաբաթ մը առաջ հանդիսացած էր Լիբանանի բաժակակիր, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն, այսպիսով չկարենալով տուպլէ մը իրագործել: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սարա Պաքրի...

Կռփամարտ. Միշա Ալոյեանի Երկրորդ Յաղթանակը

Ռուսիոյ ազգային խումբի նախկին անդամ կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` արհեստավարժ մրցագորգի վրայ: «Տապըլիու Պի. Սի.-Սիլվըր»-ի տիտղոսին համար թեթեւագոյն կարգին մէջ հանդէս եկող Ալոյեան 12 ռաունտնոց իր ճակատումին, իրաւարարներուն միաձայն որոշումով 119-109, 118-110 եւ 117-111 արդիւնքով յաղթեց Մարվին Սոլանոյի (Նիքարակուա): Նախորդ մայիսին իր կատարած առաջին արհեստավարժ մենամարտին, 10 ռաունտնոց իր ճակատումին Ալոյեան յաղթեց այլ նիքարակուացիի մը`...

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Մոլտովա` 78-37

Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը, որ Անտորրայի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց այս անգամ Մոլտովայի դէմ` 78-37 արդիւնքով: Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Ճիպրալթարի (66-59), իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Մալթայի դէմ:

Ֆութպոլ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Յաղթեց Տաճիկիստանի (4-2)

Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տաճիկիստանի 20 տարեկանէն վար խումբին դէմ: Արմէն Յովհաննիսեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Արմէն Նահապետեան եւ Առլեն Ծատուրեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Ղազախստանի...

Նէյմար Սպանական Քաղաքացիութիւն Պիտի Ստանայ

Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար շուտով սպանական քաղաքացիութիւն պիտի ստանայ: «Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ մէկուկէս տարի առաջ սպանական քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմում ներկայացուցած Նէյմար, սեպտեմբերին պիտի ստանայ երկրորդ անձնագիրը: Ըստ Սպանիոյ օրէնքներուն, երկրին մէջ երկուքուկէս տարի օրինական բնակողը կրնայ դիմել երկրորդ քաղաքացիութիւնը ստանալու: Նէյմար Սանթոսէն քաթալոնական ակումբ տեղափոխուեցաւ 2013-ի ամրան:

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայաստան Իր Մասնակցութիւնը Կը Բերէ 3 Կրանտմասթըրով

ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքը հրապարակեց աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցող 128 ճատրակ խաղացողներուն անունները: Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան: Արոնեան մասնակցութեան իրաւունք ստացած է իր ունեցած բարձր վարկանիշին շնորհիւ, իսկ Յովհաննիսեան եւ Մելքումեան` Եւրոպայի նախորդ երկու ախոյեանութիւններուն իրենց արձանագրած արդիւնքներուն շնորհիւ: Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2-27 սեպտեմբերին` Թիֆլիսի մէջ: Աւարտական մրցումին մասնակցողները իրաւունք կը...

Հայկական Ֆութպոլ. Վահան Բիչախչեան Տեղափոխուեցաւ Ժիլինա

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի եւ Շիրակ Գիւմրիի 18 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան ունեցաւ իր նոր ակումբը` Սլովաքիոյ ախոյեան Ժիլինան: Ան Ժիլինայի հետ կնքեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը եւ պիտի կրէ թիւ 18 մարզաշապիկը: Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ժիլինա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիթրայէն: Բ. հանգրուանին (29 յուլիս) Ժիլինա կը հիւրընկալէ Փրեսովը, որ իր կարգին պարտութեամբ սկսաւ նոր...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Ապիճան. Լիբանան Տիրացաւ Իր Առաջին Մետալին

Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանան երէկ տիրացաւ իր առաջին մետալին: Արդարեւ, փինկ փոնկի խառն զոյգի կիսաւարտական մրցումին գծով Լիբանանի կազմը, որ կը բաղկանար Մոհամետ Համիէ-Մալաք Խուրի զոյգէն, պարտութիւն մը կրեց Ռումանիոյ կազմէն: Յայտնենք, որ երկու մարզիկները երէկ սկսան իրենց անհատական մրցումներուն: Այլ գետնի վրայ, Լիբանանը ներկայացնող երեք մարզիկները` Ազիզա Սպիթի, Մահմուտ Տաու եւ Քրիսթել...

Հայ Ըմբիշները Տիրացան 1 Ոսկի, 3 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի` Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերուն

Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու 8-րդ խաղերուն, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները տիրացան 6 մետալի: Խաչատուր Պապիկեան (70 քկ) դարձաւ ոսկիէ մետալակիր, Վարուժան Կոջոյեան (74 քկ), Մարզպետ Գալստեան (86 քկ) եւ Մխիթար Գրիգորեան (57 քկ) տիրացան արծաթ մետալի, մինչ Վաղինակ Մաթէոսեան (65 քկ) եւ Աշոտ Վելիցեան (61 քկ) ձեռք ձգեցին պրոնզ մետալներ: Այս խաղերուն Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը...

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը  Կը Շարունակուին Մեծ Խանդավառութեամբ

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Կը Շարունակուին Մեծ Խանդավառութեամբ

Երէկ, համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերը Երեւանի մէջ շարունակուեցան մեծ խանդավառութեամբ: Ֆութպոլի, ֆութսալի, պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի կողքին, տեղի ունեցան նաեւ փինկ-փոնկի եւ թենիսի Ա. հանգրուանի զտումի մրցումներ: Ստորեւ` արձանագրուած արդիւնքներուն ընդհանուր պատկերը. ՖՈՒԹՊՈԼ Ֆրանսա - Քանատա 5-1 Երուսաղէմ - Հարաւային Ամերիկա 10-0 Լիբանան - Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 4-1 Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ - Քուէյթ 7-0 ՖՈՒԹՊՈԼ- ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ Քուէյթ - Քանատա 3-3 Արեւմտեան Միացեալ...

Պասքեթպոլ. Հայաստան – Մոնաքօ` 81-41

Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 81-41 արդիւնքով յաղթեց Մոնաքոյին: Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան պիտի մրցի նաեւ Կալեսի եւ Ճիպրալթարի դէմ: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 30 յուլիսին:

Պասքեթպոլ. Լիբանան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Արձանագրելէ ետք յաջորդական իր երկրորդ յաղթանակը` Սինկափուրի դէմ (74-64), Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը երէկ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Այսօր` չորեքշաբթի, 26 յուլիսը հանգիստի օր է: Լիբանան իր ամէն կարելին պիտի ընէ հանդիսանալու համար ախոյեան, որպէսզի կարենայ վերադառնալ Ա. դասակարգ, որ իր բնական տեղն է: Երէկուան մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-18, 31-34, 42-55 եւ...

Վազքի Մրցում` Ժեզզինի Մէջ. ՀՄԸՄ Այնճարը Ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կիրակի, 23 յուլիսին, Ժեզզին Ժապշա գիւղին մօջ տեղի ունեցաւ 10 քմ վազքի մրցում մը` կազմակերպութեամբ վերոնշեալ գիւղին քաղաքապետութեան: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութիւնը: Վերջինս տուաւ վազքի մրցումին ազդանշանը: Զանազան շրջաններէ եկած աւելի քան 500 երկսեռ վազողներուն մէջ էր նաեւ ՀՄԸՄ Այնճարը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան: Արձանագրելով 55 վայրկեան արդիւնք մը` Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հասան Մաաթուք Միացաւ Նըժմէին

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին աստղ եւ խմբապետ Հասան Մաաթուք երէկ պաշտօնապէս միացաւ Նըժմէին` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ, փոխան 365 հազար ամերիկեան տոլարի: Ան Նըժմէին միացաւ լքելէ ետք իր ակումբը Ֆուժէյրան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), նկատի ունենալով, որ չկրցաւ լաւ կապ մը ունենալ ակումբին նոր մարզիչին` արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնայի հետ: 30 տարեկան Մաաթուք 2005-էն 2011 մաս կազմած է Ահտի,...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Դարձեալ Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, արձանագրելով բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ապահովելով 7,5 կէտ, գրաւեց երկրորդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսակիր Ֆեռնանտեզ Ֆերնանտոյէն (Փերու): «Սենթ Մարթի-2017» ճատրակի այս մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենար 19-րդ անգամն ըլլալով, իրենց մասնակցութիւնը բերած 162 ճատրակ խաղացողներէն 11-ը կրանտմասթըրներ էին: Վերջերս Սպանիոյ մէջ տեղի...

Պասքեթպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան – Ղազախստան` 79-67

Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պատրաստուող Հայաստանի տղոց հաւաքականը Երեւանի մէջ կատարեց բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին 79-67 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին: 25 յուլիսին Հայաստան կը կատարէ բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ` Ալպանիոյ դէմ: Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 2 օգոստոսին Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սլովաքիան: Ապա Հայաստան կը մրցի Շուէտի (5 օգոստոս) եւ Պոսնիոյ (19 օգոստոս) դէմ: Հայաստանի հաւաքականի...

Սուրտլիմփիք. Հայ Մարզիկները 4 Մետալի Տիրացան Թուրքիոյ Մէջ

Լսողութեան հարցեր ունեցող մարզիկներու Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Ժորա Գրիգորեան (71 քկ), Արարատ Սարգսեան (75 քկ) եւ Նարեկ Նիկողոսեան (80 քկ) ամառնային Սուրտլիմփիք խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն տիրացան պրոնզ մետալներու: Իսկ ժիւտոյի մրցումներուն Ռոպերթ Գէորգեան (60 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալի, յայտնեց Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Հայաստանի մարզիկները մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ ազատ ոճի ըմբշամարտին մէջ: Թրքական Սամսոն քաղաքին...

Հայ Հեծելանւորդները` Ողիմպիականի Փառատօնին

Հունգարիոյ մէջ սկսած եւրոպական պատանեկան ամառնային ողիմպիականի փառատօնին Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ մեծ կազմով մը: Հայ պատանի մարզիկները ողիմպիական փառատօնին հանդէս պիտի գան հետեւեալ վեց մարզաձեւերուն մէջ. լողարշաւ, աթլեթիզմ, թենիս, հեծելարշաւ, մարմնամարզութիւն եւ ժիւտօ: Հեծելարշաւի մրցումներուն Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ` Յովհաննէս Երանոսեան, Ամօ Ասուբով եւ Հենրիկ Երանոսեան: Անոնց մարզիչն է Դաւիթ Մկրտչեան: Անոնք իրենց մրցումներուն կը սկսին 25 եւ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Ֆիճիի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ Ֆիճիի դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը: Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին իր կատարած առաջին մրցումին 62-54 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղազախստանէն: Սակայն երէկուան մրցումին Լիբանան յաղթեց Ֆիճիին` 90-48 արդիւնքով (28-11, 45-25, 79-41 եւ 90-48): Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նուր...

Page 947 of 1277 1 … 946 947 948 … 1,277

Արխիւներ