Անցնող շաբաթավերջին, Երեւանի զանազան դաշտերուն վրայ ընթացք առին համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերուն նկատի առնուած 9 մարզաձեւերէն ֆութպոլի, ֆութսալի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ լողի մրցումները:
Ֆութպոլի մրցումներուն կը մասնակցին երէցներու 9 խումբեր, բաժնուած` 2 խմբակի: Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆրանսան, Երուսաղէմը, Քանատան, Լոնտոնը եւ Հարաւային Ամերիկան, իսկ Բ. խմբակին մաս կը կազմեն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները, Լիբանանը, Քուէյթը եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգները:
Ֆութպոլի կրտսերներու մրցումներուն կը մասնակցին 5 խումբեր, որոնք կը ներկայացնեն Քանատան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը, Քուէյթը, Լիբանանը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները:
Ֆութսալի տղոց խումբեր ունին 9 շրջաններ: Ա. խմբակը կը կազմեն Լիբանանը (Բ.), Հարաւային Ամերիկան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները: Բ. խմբակը կը կազմեն Վալանսը, Սուրիան, Մարսէյը, Լիբանանը (Ա.) եւ Թեհրանի «Նայիրի» միութիւնը: Կը մասնակցին նաեւ ֆութսալի աղջկանց 4 խումբեր` Աւստրալիա, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Ա.) եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Բ.):
Պասքեթպոլի տղոց մրցումներուն կը մասնակցին 12 երէց եւ7 կրտսեր խումբեր, մինչ աղջկանց խումբերու մասնակցութեան պատկերը կը ներկայացնէ 9 երէց եւ 6 կրտսեր խումբեր: Վոլիպոլի մրցումներուն կը մասնակցին աղջկանց 4 խումբեր:
Ստորեւ` մարզախաղերու առաջին երեք օրուան մրցումներուն արդիւնքները.
ՖՈՒԹՊՈԼ
Երուսաղէմ – Քանատա 1-0
Հարաւային Ամերիկա – Լոնտոն 3-3
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 3-1
Լիբանան – Քուէյթ 5-0
Երուսաղէմ – Լոնտոն 2-0
Ֆրանսա – Հարաւային Ամերիկա 4-0
ՖՈՒԹՊՈԼ – ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Լիբանան 4-1
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Քուէյթ 8-2
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Լիբանան 3-0
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Քանատա 7-1
ՖՈՒԹՍԱԼ – ՏՂԱՔ
Հարաւային Ամերիկա – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 2-0
Լիբանան (Ա.) – Թեհրանի «Նայիրի» միութիւն 2-1
Մարսէյ – Սուրիա 3-0
Թեհրանի «Նայիրի» միութիւն – Վալանս 5-1
Հարաւային Ամերիկա – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 2-2
Լիբանան (Ա.) – Սուրիա 3-0
Լիբանան (Բ.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 9-5
Լիբանան (Ա.) – Վալանս 3-1
Թեհրանի «Նայիրի» միութիւն – Մարսէյ 4-2
ՖՈՒԹՍԱԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Ա.) – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Բ.) 5-0
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ (Ա.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 17-1
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ – Աւստրալիա 7-1
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ՏՂԱՔ
Աւստրալիա (Ա.) – Մոսկուա 76-34
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Սուրիա 53-47
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 61-18
Աւստրալիա (Բ.) – Գահիրէ 52-33
Ֆրանսա – Աւստրալիա (Գ.) 43-34
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 64-59
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Աւստրալիա (Բ.) 46-38
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Աւստրալիա (Ա.) 69-51
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Գահիրէ 45-19
Ֆրանսա – Մոսկուա 70-57
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Սուրիա 57-42
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Աւստրալիա (Գ.) 51-46
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Քանատա 40-16
Լիբանան (Ա.) – Լիբանան (Բ.) 65-48
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 51-48
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Լիբանան (Բ.) 44-34
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Լիբանան (Ա.) 75-37
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ – Լիբանան (Բ.) 48-35
Լիբանան (Ա.) – Քանատա 43-24
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Աւստրալիա (Ա.) 70-19
Աւստրալիա (Բ.) – Մարսէյ 26-11
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Սուրիա 50-8
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Աւստրալիա 65-23
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 28-8
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 58-45
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Մարսէյ 51-16
Սուրիա-Լոնտոն 46-13
ՊԱՍՔԵԹՈԼ – ԿՐՏՍԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Լիբանան – Լոնտոն 45-20
Թեհրանի «Արարատ» միութիւն – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 54-28
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ 54-41
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) – Լիբանան 40-25
Թեհրանի «Արարատ» – Լոնտոն 54-19
ՎՈԼԻՊՈԼ – ԱՂՋԻԿՆԵՐ
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 2-0
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 2-0
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Ա.) – Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ (Բ.) 2-0
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ – Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ 2-0
Լողի մրցումներուն կ’անդրադառնանք հետագային, զտումի առաջին հանգրուանի ճակատումներէն ետք:
Յայտնենք, որ մարզախաղերու մասնակից խումբերուն եւ մրցումներու արդիւնքներուն հետեւելու համար կարելի է այցելել ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէն`http://10th-games.homenetmen.org