Հայաստանի տղոց մինչեւ 16 տարեկաններու պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի առաջին իսկ խաղին յաղթեց Ճիպրալթարի հաւաքականին` 66-59 արդիւնքով:
Հայաստանի տղոց մինչեւ 16 տարեկաններու հաւաքականի յաջորդ մրցումը Մոլտովայի դէմ է 25 յուլիսին:
Պասքեթպոլի երիտասարդական հաւաքականը Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցաշարքի իր վերջին մրցումին` 96-75 արդիւնքով յաղթեց Իրլանտայի հաւաքականին: