Պէյրութի մէջ գտնուող «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ այսօր` շաբաթ, 22 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարը, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:
Պիտի ընտրուին 10 նոր անդամներ` հետեւեալ 14 թեկնածուներէն. Ռեմոն Սըմաան, Ահմետ Ամարէտտին, Ժորժ Հաննա, Սըմաան Տուէյհի, Ժորժ Սոլաժ, Ահմետ Ֆըրտաուս, Իսամ Սայեղ, Վահրամ Պարսումեան, Ուաֆիք Իպրահիմ, Մազեն Քուպէյսի, Մուսա Մաքքէ, Մահմուտ Ռըպաա, Ուաէլ Շեհայեպ եւ Հասան Եուսեֆ:
Նշենք, որ ֆետերասիոնին 11-րդ անդամը արդէն իսկ ընտրուած է:
Նկատի ունենալով, որ նախագահի պաշտօնին համար Հաշեմ Հայտար իր դէմ չունեցաւ ոեւէ թեկնածու. մրցակիցի չգոյութեան պատճառով ան դարձեալ ընտրուեցաւ նախագահ` նոր նստաշրջանի մը համար:
«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Հաշեմ Հայտար ըսաւ, որ բոլոր ակումբներուն մօտ կը տիրէ ընտրական դրական մթնոլորտ մը, որուն շնորհիւ իր դէմ ոեւէ այլ մրցակից թեկնածու չներկայացաւ:
Քանի մը օր առաջ Հայտար իր բնակարանին մէջ յատուկ ժողով մը գումարելէ ետք յայտարարեց, որ կազմած է համախոհական ցանկ մը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Ռեմոն Սըմաան, Ահմետ Ամարէտտին, Սըմաան Տուէյհի, Ժորժ Սոլաժ, Իսամ Սայեղ, Վահրամ Պարսումեան, Մազեն Քուպէյսի, Մուսա Մաքքէ, Մահմուտ Ռըպաա եւ Ուաէլ Շեհայեպ:
Հայտար յայտնեց, որ համախոհական այս ցանկը կը ներկայացնէ լիբանանեան բոլոր ակումբները:
Շարունակելով իր խօսքը` ան նշեց, որ այս ընտրութիւններուն քաղաքականութիւնը երբեք միջամուխ չեղաւ եւ պիտի չըլլայ:
Անդրադառնալով ֆետերասիոնին նախկին անդամներուն` Համբիկ Միսաքեանի եւ Ժորժ Շահինի, Հայտար ըսաւ.
«Անոնք երկուքն ալ ֆետերասիոնին հետ եղան երկար տարիներ եւ ամբողջական նուիրումով կատարեցին իրենց պարտականութիւնները: Սակայն այժմ անոնք նոր ֆետերասիոնին մաս պիտի չկազմեն: Բայց ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք կրնան հեռու մնալ ֆետերասիոնէն: Անոնց համար ֆետերասիոնին դռները միշտ բաց են, որովհետեւ անոնք երկուքն ալ հսկայական փորձառութիւն ունին ֆութպոլի մարզին մէջ»: