Հայաստանի 16 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը, որ Անտորրայի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց այս անգամ Մոլտովայի դէմ` 78-37 արդիւնքով:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթեց Ճիպրալթարի (66-59), իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Մալթայի դէմ: