Հունգարիոյ մէջ սկսած եւրոպական պատանեկան ամառնային ողիմպիականի փառատօնին Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ մեծ կազմով մը:
Հայ պատանի մարզիկները ողիմպիական փառատօնին հանդէս պիտի գան հետեւեալ վեց մարզաձեւերուն մէջ. լողարշաւ, աթլեթիզմ, թենիս, հեծելարշաւ, մարմնամարզութիւն եւ ժիւտօ:
Հեծելարշաւի մրցումներուն Հայաստան ունի երեք ներկայացուցիչ` Յովհաննէս Երանոսեան, Ամօ Ասուբով եւ Հենրիկ Երանոսեան:
Անոնց մարզիչն է Դաւիթ Մկրտչեան:
Անոնք իրենց մրցումներուն կը սկսին 25 եւ 27 յուլիսին:



