Աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան պատրաստուող Հայաստանի տղոց հաւաքականը Երեւանի մէջ կատարեց բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին 79-67 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին:
25 յուլիսին Հայաստան կը կատարէ բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ` Ալպանիոյ դէմ:
Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 2 օգոստոսին Հայաստան Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սլովաքիան:
Ապա Հայաստան կը մրցի Շուէտի (5 օգոստոս) եւ Պոսնիոյ (19 օգոստոս) դէմ:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Պաւցեւիչ հաւաքի համար հրաւիրած է 14 մարզիկներ:



