Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի եւ Շիրակ Գիւմրիի 18 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան ունեցաւ իր նոր ակումբը` Սլովաքիոյ ախոյեան Ժիլինան: Ան Ժիլինայի հետ կնքեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը եւ պիտի կրէ թիւ 18 մարզաշապիկը:
Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ժիլինա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նիթրայէն:
Բ. հանգրուանին (29 յուլիս) Ժիլինա կը հիւրընկալէ Փրեսովը, որ իր կարգին պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի նախորդ տարեշրջանի ախոյեանութեան, Բիչախչեան 22 մրցումի ընթացքին նշանակած էր 4 կոլ: