Արձանագրելէ ետք յաջորդական իր երկրորդ յաղթանակը` Սինկափուրի դէմ (74-64), Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը երէկ ապահովեց Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Այսօր` չորեքշաբթի, 26 յուլիսը հանգիստի օր է:
Լիբանան իր ամէն կարելին պիտի ընէ հանդիսանալու համար ախոյեան, որպէսզի կարենայ վերադառնալ Ա. դասակարգ, որ իր բնական տեղն է:
Երէկուան մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-18, 31-34, 42-55 եւ 64-74: