ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքը հրապարակեց աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին մասնակցող 128 ճատրակ խաղացողներուն անունները:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան:
Արոնեան մասնակցութեան իրաւունք ստացած է իր ունեցած բարձր վարկանիշին շնորհիւ, իսկ Յովհաննիսեան եւ Մելքումեան` Եւրոպայի նախորդ երկու ախոյեանութիւններուն իրենց արձանագրած արդիւնքներուն շնորհիւ:
Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 2-27 սեպտեմբերին` Թիֆլիսի մէջ:
Աւարտական մրցումին մասնակցողները իրաւունք կը ստանան աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար մղուող պայքարին մասնակցելու տոմս մը ապահովելու: