
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Երէկ յետմիջօրէին Պհամտունի մէջ գտնուող «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Սթարզ Ակադեմի եւ Զուք Մոսպեհ:
Զուք Մոսպեհ, որ շաբաթ մը առաջ հանդիսացած էր Լիբանանի բաժակակիր, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն, այսպիսով չկարենալով տուպլէ մը իրագործել:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Սարա Պաքրի (13-րդ եւ 28-րդ), Հիամ Ապտել Հաֆիզ (24-րդ) եւ Ղատա Ապատի (71-րդ):
Մրցումին աւարտին յաղթական խումբի խմբապետ Սարա Պաքրի ախոյեանութեան տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի աղջկանց յանձնախումբի նախագահ Համբիկ Միսաքեանէն:
Յայտնենք նաեւ, որ ախոյեան խումբի բերդապահ Նաթալի Չիլինկիրեան արժանացաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին: