Կիրակի, 23 յուլիսին, Ժեզզին Ժապշա գիւղին մօջ տեղի ունեցաւ 10 քմ վազքի մրցում մը` կազմակերպութեամբ վերոնշեալ գիւղին քաղաքապետութեան:
Անիկա կը վայելէր Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի հովանաւորութիւնը: Վերջինս տուաւ վազքի մրցումին ազդանշանը:
Զանազան շրջաններէ եկած աւելի քան 500 երկսեռ վազողներուն մէջ էր նաեւ ՀՄԸՄ Այնճարը ներկայացնող Լեւոն Թաշճեան:
Արձանագրելով 55 վայրկեան արդիւնք մը` Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Աւարտին ան իր մետալը ստացաւ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշէն:



