Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ Ֆիճիի դէմ կատարեց իր առաջին մրցումը:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին իր կատարած առաջին մրցումին 62-54 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ղազախստանէն:
Սակայն երէկուան մրցումին Լիբանան յաղթեց Ֆիճիին` 90-48 արդիւնքով (28-11, 45-25, 79-41 եւ 90-48):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նուր Շուքէյր (21), ապա` Միրամար Մըքտատ (14) եւ Շիրին Շերիֆ (13):
Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումին, Լիբանան այսօր, ժամը 15:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), կը մրցի Սինկափուրի դէմ:



