Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը:
Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, հայրենի կազմը իր կատարած առաջին մրցումին 81-41 արդիւնքով յաղթեց Մոնաքոյին:
Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան պիտի մրցի նաեւ Կալեսի եւ Ճիպրալթարի դէմ:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 30 յուլիսին:



