Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանան երէկ տիրացաւ իր առաջին մետալին:
Արդարեւ, փինկ փոնկի խառն զոյգի կիսաւարտական մրցումին գծով Լիբանանի կազմը, որ կը բաղկանար Մոհամետ Համիէ-Մալաք Խուրի զոյգէն, պարտութիւն մը կրեց Ռումանիոյ կազմէն:
Յայտնենք, որ երկու մարզիկները երէկ սկսան իրենց անհատական մրցումներուն:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանը ներկայացնող երեք մարզիկները` Ազիզա Սպիթի, Մահմուտ Տաու եւ Քրիսթել Սանեհ, աթլեթիզմի մրցումներուն չկարենալով լաւ արդիւնքներ արձանագրել 100 մեթր վազքի զտումի մրցումներուն, դուրս մնացին խաղերէն:
Սակայն Սանեհ, որ ձեռք ձգեց 12″ 27 արդիւնք մը, լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց: