Ռումանիոյ մէջ աւարտած Եւրոպայի կռփամարտի կրտսեր տարիքի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստան, որ մասնակցեցաւ 14 մարզիկով, տիրացաւ 1 ոսկի եւ 3 պրոնզ մետալի, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
52 քկ դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ Գոռ Մխիթարեան, իսկ պրոնզ մետալի տիրացան Գագիկ Ղազարեան (40 քկ), Կամօ Բեգեան (59 քկ) եւ Յովհաննէս Փափազեան (90 քկ):
Խումբի գլխաւոր մարզիչ Աշոտ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ Ռումանիա մեկնած էին նաեւ մարզիչներ Յարութիւն Նազարեան եւ Իսրայէլ Յակոբկոխեան: