Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Երէկ Սրի Լանքայի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին, Լիբանան արձանագրեց 86-37 արդիւնքով բաւական հանգիստ յաղթանակ մը (11-25, 20-47, 30-76 եւ 37-86):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լամա Մուքատտեմ (16), ապա` Նենսի Մաալուֆ (14):
Կիսաւարտականին Լիբանան այսօր իր դէմ պիտի ունենայ Հնդկաստանը, որ յաղթեց Ֆիճիի: