Սոչիի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, յաջողեցաւ հասնիլ աւարտականին:
Հայրենի կազմին եւ Քրասնոտարի շրջանի 20 տարեկանէն վար խումբին միջեւ այս մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Հայաստանի կոլը նշանակեց Աբրահամ Փորթուգալեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աւարտականին Հայաստան դարձեալ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քրասնոտարը:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Արտակ Օսէեան:



