Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, Լիբանան տիրացաւ իր երկրորդ պրոնզ մետալին` դարձեալ փինկ փոնկի մրցումներուն, երբ Մալաք Խուրի աղջկանց անհատական մրցումներուն կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ ֆրանսացի իր մրցակիցէն:
Աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, Լիբանանի կազմը (18-25 տարեկան) 94-46 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մաւրիտանիոյ, այժմ 7-րդ դիրքին համար պիտի մրցի Քամերունի դէմ:
Մաւրիտանիոյ դէմ այս մրցումին Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մեղրի Թորոս (21):