Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 16 տարեկանէն վար մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը Ճիպրալթարի դէմ` 65-44 արդիւնքով:
Առաջին մրցումին Հայաստան յաղթեց Մոնաքոյին (81-41), իսկ երկրորդին` Կալեսին (63-31):