Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ախոյեան Ահտ պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց եգիպտական Զամալեքի դէմ, որ Եգիպտոսի փոխախոյեանն է:
Անոր արձանագրած այս յաղթանակը նկատուեցաւ պատմական` լիբանանեան ֆութպոլին համար:
Լիբանանեան կազմին կոլը նշանակեց Ահմետ Զրէյք` 84-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ահտ ունենալով 4 կէտ, այժմ կը գրաւէ Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը` մարոքեան Ֆաթըհ Ռիատիի ետին, իսկ Զամալեք, որ այժմ ունի կէտ մը միայն եւ կը գրաւէ խմբակին երրորդ դիրքը, պաշտօնապէս դուրս մնացած է մրցաշարքէն: