Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, երէկ Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին:
Գենիկ Ասատրեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի 50 քկ դասակարգին մէջ` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Ռամիզ Հասանովի:
Առաջին օրը հանդէս եկած Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները` Ռաֆայէլ Յարութիւնեան (42 քկ), Մեժլում Մեժլումեան (58 քկ), եւ Դաւիթ Գէորգեան (69 քկ), չկրցան յաջողութիւն արձանագրել:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի այլ ըմբիշներ եւս տիրանան մետալներու: