Երէկ` հինգշաբթի, 27 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընկերակցութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Ռոմել Սապերի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Ժիհատ Սալամէի, այցելեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին: Ան խնդրեց Հանրապետութեան նախագահէն, որ ըլլայ հովանաւորը Ասիա 2017-ի տղոց պասքեթպոլի 29-րդ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 օգոստոսին, Զուքի մէջ գտնուող «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ:
Շուրջ 20 վայրկեան տեւած այս հանդիպումին, Քախիա նախագահ Աունը տեղեակ պահեց այս ախոյեանութեան գծով կատարուած եւ կատարուելիք բոլոր աշխատանքներուն մասին:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ այս ախոյեանութիւնը պիտի վայելէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը: