Աւարտելով իր շրջապտոյտը` Մանչեսթըր Եունայթըտ Միացեալ Նահանգներէն վերադարձաւ Անգլիա: Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը Մանչեսթըրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ համակիրներու կողմէ:
Անգլիական խումբը 30 յուլիսին Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Վոլերենկայի դէմ, 2 օգոստոսին Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ պիտի մրցի իտալական Սամտորիայի դէմ:
8 օգոստոսին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ Մանչեսթըր մրցում մը ունի կատարելիք Ռէալ Մատրիտի դէմ` Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Պէտք է նշել, որ Մանչեսթըր Միացեալ Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտին ընթացքին արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ` կրելով միայն մէկ պարտութիւն, այդ ալ` Պարսելոնայէն (1-0):



