Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին պատրաստուող Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի մէջ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին հիւրընկալեց Ալպանիան, 91-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կազմը 2 օգոստոսին Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Սլովաքիան:
Այնուհետեւ յաջորդաբար Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Շուէտ (5 օգոստոս) եւ Պոսնիա (9 օգոստոս):