Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տեղեակ պահուեցաւ, որ 3 օգոստոսին առաջին խումբը, որ պիտի հասնի Լիբանան, պիտի ըլլայ Աւստրալիան, որ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն մէկն է:
5 օգոստոսին Լիբանան պիտի հասնի Չինաստանի կազմը, ապա յաջորդ օրը` Նոր Զելանտա, Քաթար եւ Յորդանան:
Մասնակցող մնացեալ խումբերը շուտով պիտի յայտարարեն իրենց ժամանումին օրերը:
Այլ գետնի վրայ, մրցումներու տոմսակներուն վաճառքը կ՛ընթանայ շատ մեծ թափով, զանոնք վաճառող ընկերութիւնը ֆետերասիոնէն պահանջեց յաւելեալ տոմսեր: