Շիրակի եւ Արարատի նախկին ֆութպոլիստ Դաւիթ Ղանդիլեան որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Մոնկոլիոյ մէջ:
24 տարեկան ֆութպոլիստը ելոյթ պիտի ունենայ Տերենի հետ, որ մաս կը կազմէ Ա. դասակարգին:
Լուրը հրապարակող ArmSport.am կայքը աւելցուց, որ Ղանդիլեան մաս կազմած է նաեւ լիբանանեան ՀՄԸՄ ֆութպոլի ակումբին:



