Ինչպէս ծանօթ է, եւրոպական ֆութպոլի անուանի խումբեր աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը մասնակցին միջազգային մրցաշարքերու եւ կը կատարեն բարեկամական մրցումներ:
Սպանիոյ փոխախոյեան Պարսելոնա երէկ 1-0 արդիւնքով յաղթեց «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի Նէյմար Տա Սիլվա` 31-րդ վայրկեանին:
Անգլիական ակումբին հետ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Մանչեսթըր Սիթիէն:
Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուս 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆրանսայի փոխախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: