Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Թոթենհամ, Սիթի Եւ Արսենալ Յաղթեցին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Թոթենհամ, Սիթի Եւ Արսենալ Յաղթեցին

Անգլիոյ Լիկայի բաժակի («Քարապաօ» բաժակ) 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն անակնկալներ չարձանագրուեցան. Թոթենհամ, Մանչեսթըր Սիթի, Արսենալ եւ Նիւքեսըլ յաղթական դուրս եկան` հասնելով Դ. հանգրուան: Թոթենհամի մրցումին Պայերն Միւնիխէն ժամանած Ժոաու Փալինիայի մկրատային հարուածով կոլը շատ գեղեցիկ էր` Տոնքեսթըր Ռովըրզի դէմ, ուր Լոնտոնի ակումբը 3-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Դ. հանգրուանին «տաք» մրցումներ տեղի պիտի ունենան Լիվըրփուլի եւ Քրիսթըլ Փելեսի միջեւ, իսկ Նիւքեսըլ...

Հունգարիոյ Ազգային Խումբի  Վիրաւորները Կ՛աւելնան

Հունգարիոյ Ազգային Խումբի Վիրաւորները Կ՛աւելնան

2026-ի Մոնտիալի զտումի 3-րդ հանգրուանի Հայաստանի մրցակից Հունգարիա ունի վիրաւորներու ցանկ մը, որ ըստ երեւոյթին կ՛աւելնայ: Աջ պաշտպան Պենտեկուզ Պոլա (Ռափիտ Վիեննա) եւ կեդրոնի պաշտպան Աթիլա Սալայ (Տրապիզոնսփոր) վիրաւորուեցան իրենց ակումբներուն հետ մրցումներու ընթացքին, անոնք Հունգարիոյ ազգային խումբի մարզիչ Մարքօ Ռոսսիի վստահելի անդամներէն էին եւ կարեւոր տարրեր` Իրլանտայի (2-2) եւ Փորթուգալի (2-3) դէմ զտումի մրցումներուն: Նշենք, որ աջ ծայրի յառաջապահ...

Նշմար.  Շարունակական Գործը Արդիւնաւէտ Կ՛ըլլայ

Նշմար. Շարունակական Գործը Արդիւնաւէտ Կ՛ըլլայ

ԿԱՐՕ Կ. Ամէն գործ յաջողելու համար չի բաւեր լաւ աշխատիլը 1 օր, 1 շաբաթ, 1 ամիս, 1 տարի: Կարեւորագոյն բանը երկար յաջողութիւն ունենալու եւ տարիներով արդիւնաւէտ ըլլալու համար շարունակական աշխատանքն է: Մարզական աշխարհին մէջ աշխատանքն ալ նմանօրինակ հետեւողականութիւն կ՛ենթադրէ, ուր միշտ պէտք է աշխատիլ, որ ակումբներ գոյատեւեն եւ արդիւնք տան: Կարեւորագոյն բանը ամուր հիմք դնելն է, ապա ժամանակի ընթացքին պզտիկ...

Բռնցքամարտ.  Անահիտ Արոյեան` Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Անահիտ Արոյեան` Ախոյեան

Հայ բռնցքամարտիկ Անահիտ Արոյեան շահեցաւ «Տապըլեու. Պի. Էյ.» աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը, Տուպայի մէջ յաղթելէ ետք թանզանիացի Սթումայ Մուքի Փաուլոյի: 8 ռաունտերէ ետք Արոյեան բոլոր իրաւարարներուն կողմէ մեծ առաւելութեամբ տիտղոսը ապահովեց: Ան 3-րդ ռաունտին մրցակիցը գետին ալ տապալած էր նաք-աութով, որմէ ետք ան ամբողջովին տիրապետեց մրցակիցին վրայ: Արոյեանի համար այս յաղթանակը շատ կարեւոր էր գրաւելու (52,2-53,5 քկ) «պանթամ-կշիռի» առաջին դիրքը: Այս...

Զելարայեան Եղբայրները Կը Փայլին

Զելարայեան Եղբայրները Կը Փայլին

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պելկրանօ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւելզ Օլտ Պոյզը: Մրցումի երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Լուքաս Զելարայեան: 33 տարեկան Լուքաս Զելարայեան ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ: Հետաքրքրականը այն է, որ Զելարայեանի կոլին փոխանցումը կատարեց Կոնզալօ Զելարայեան` իր կրտսեր եղբայրը: Կոնզալօ 85-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր` երկար ժամանակ բացակայելէ ետք, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:...

Ադամ Մելիքեան Կը Փայլի

Ադամ Մելիքեան Կը Փայլի

16 տարեկան հայազգի Ադամ Մելիքեան սքանչելի կոլ մը նշանակեց Պորուսիա Տորթմունտի (17 տարեկանէն վար) բերդին մէջ: Վիքթորիա Քէօլնի պատանիներու խումբի անդամ Մելիքեան, Գերմանիոյ պատանիներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով նշանակեց իր կոլը երկու մարզիկներ խաղի բերելէ ետք, ռմբային հարուածով մը` 25 մեթր հեռաւորութենէն: Քէօլն 1-4 արդիւնքով պարտուեցաւ, բայց Մելիքեանի միակ կոլը Տորթմունտի ստացած առաջին կոլն էր այս տարեշրջանին:...

Արտեմ Բանդիկեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ  Մոսկուայի Բանակայիններուն Հետ

Արտեմ Բանդիկեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ Մոսկուայի Բանակայիններուն Հետ

19 տարեկան հայազգի միջնապահ Արտեմ Բանդիկեան իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, Մոսկուայի բանակայիններուն հետ: Ան 89 վայրկեան խաղցաւ Սոչիի դէմ` օգնելով իր խումբին յաղթելու 3-1 արդիւնքով: Սոչիի մէջ տեղի ունեցած մրցումին հիւրընկալ խումբը նշանակեց մրցումին առաջին կոլը Անտոն Զինքովսքիի միջոցով: Բ. կիսախաղին, Մոսկուայի բանակայինները աւելի լաւ էին եւ տիրապետեցին: Իվան Օպլիաքով 2 կոլեր նշանակեց երկու փենալթիներով, եւ...

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Հայաստանի Ազգային Խումբը  Պիտի Մեկնի Վրաստան

«Էմ. Էմ. Էյ.» Հայաստանի Ազգային Խումբը Պիտի Մեկնի Վրաստան

Հայաստանի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ազգային խումբը պիտի մասնակցի 2025-ի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան), 27 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբերի միջեւ: Աշխարհի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ֆետերասիոնի կազմակերպած այս մրցաշարքին տեղի պիտի ունենան երկու կարգի մրցաշարքեր, 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու եւ մեծերու: Բոլորին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Սպարտակ Միքայէլեանի վրայ, որ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանն է, եւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռէալ Մատրիտ Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին

Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցան «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանէն քանի մը մրցումներ, որոնց ընթացքին Ռէալ Մատրիտ իր յաջորդական 6-րդ մրցումը յաղթեց` պարտութեան մատնելով Լեվանթէն Վալենսիայի մէջ, 4-1 արդիւնքով: Վինիսիուս Ժունիոր, Մասթանթունօ եւ Էմպափէ (2) նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Ստորեւ արդիւնքները. Լեվանթէ - Ռէալ Մատրիտ 1-4 Սեւիլիա - Վիարէալ 1-2 Աթլեթիք Պիլպաօ - Ժիրոնա 1-1 Էսփանիոլ - Վալենսիա 2-2 . Անգլիոյ Լիկայի բաժակի...

Ռէալ Մատրիտ Կը Գանգատի…

Ռէալ Մատրիտ Կը Գանգատի…

Ռէալ Մատրիտ անգամ մը եւս կը քննադատէ «Լա լիկա»-ի իրաւարարներուն ելոյթները, այս անգամ վիճակագրութեամբ: Մատրիտի ակումբին անձնական պատկերասփիւռի կայանը համեմատած է, թէ իրաւարարները ինչքա՛ն խիստ կը վարուին մանաւանդ մայրաքաղաքի խումբին դէմ` դեղին քարտեր «բաժնելով» ամէն մրցումի, բաղդատմամբ իրենց մրցակիցներուն: Վիճակագրութեան համաձայն, Ռէալ Մատրիտի մարզիկները միջին հաշուով դեղին քարտեր կը ստանան 6 ֆաուլերէ ետք, մինչ այլ խումբեր կամ մրցակիցներ 16 ֆաուլերէ...

Պալոն Տ՛Օր.  Տեմպելէ Կը Շահի «Ոսկի Գնդակը»

Պալոն Տ՛Օր. Տեմպելէ Կը Շահի «Ոսկի Գնդակը»

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ շահեցաւ 2025-ի «Պալոն տ՛օր»-ը Շաթըլէի (Ֆրանսայի) մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին` դառնալով 6-րդ ֆրանսացին, որ Ռեմոն Քոփայի, Միշել Փլաթինիի, Ժան-Փիեռ Փափենի Զինետին Զիտանի եւ Քարիմ Պենզեմայի կը յաջորդէ: Սպանացի Այթանա Պոնմաթի իր կարգին շահեցաւ աղջկանց «Պալոն տ՛օր»-ը, յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով Փլաթինիէն (1983-1985) եւ Լիոնել Մեսսիէն (2009-2012) ետք: Տեմպելէ գլխաւորած էր Փարիզ Սեն Ժերմենը,...

Իսրայէլ Կրնայ Հեռացուիլ  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն

Իսրայէլ Կրնայ Հեռացուիլ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» այս շաբաթ կրնայ որոշում տալ հեռացնելու Իսրայէլի ազգային խումբն ու իր ակումբները «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ներքեւ անցնող մրցաշարքերէն: Որոշումը կրնայ տրուիլ այսօր, եւ այդ մէկը կրնայ Քաթարի ճնշումներուն պատճառով ըլլալ, մանաւանդ որ Քաթար եւրոպական ֆութպոլի մեծագոյն հովանաւորներէն մէկն է, եւ անոր դիրքորոշումը կտրուկ ձեւով խստացած է սեպտեմբերի սկիզբը Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերուն կողմէ Քաթարի տարածքին վրայ...

Պորկ Կը Պայքարի Քաղցկեղի Դէմ

Պորկ Կը Պայքարի Քաղցկեղի Դէմ

Շուէտացի թենիսի պատմական աստղ Պիորն Պորկ յայտարարեց, թէ քաղցկեղի վատ ձեւին «բռնուած» է եւ պիտի պայքարի «ամէն օր Ուիմպըլտընի աւարտականին նման»: 11 անգամ կրան-շլեմի ախոյեան Պորկ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ 2024-ին եւ այժմ կը փորձէ ազատիլ քաղցկեղէն: Պորկ, որ 5 յաջորդական Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքեր շահած էր 1976-էն 1980, ինչպէս նաեւ 6 Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի, 26 տարեկանին լքած էր թենիսը` անակնկալի մատնելով թենիսի...

«Ինթեր Միլան Եւ Ա. Սէ. Միլան Ստիպուած Կրնան Ըլլալ Լքել Քաղաքը…»  Կը Զգուշացնէ Մարոթթա

«Ինթեր Միլան Եւ Ա. Սէ. Միլան Ստիպուած Կրնան Ըլլալ Լքել Քաղաքը…» Կը Զգուշացնէ Մարոթթա

Ինթեր Միլանի նախագահ Ճիուսեփէ Մարոթթա խօսեցաւ Միլանի մէջ նոր մարզադաշտերու կառուցման կազմակերպման հետ կապուած դժուարութիւններու մասին եւ սպառնաց լքել քաղաքը, եթէ իրավիճակը չբարելաւուի: «Իբրեւ ֆութպոլի հետ կապուած անձ, եւ քիչ մը կ՛ամչնամ այս իրավիճակին հետ գործ ունենալուս համար: Միլանի մէջ մարզանքը երկրորդ կարգի վրայ կը գտնուի: Մենք չենք կրնար բաւարարել «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը Սան Սիրոյի մէջ կազմակերպելու չափանիշները, եւ...

Թեպաս. «Մեծ Գումարներ  Կը Ծախսեն Եւ Արդիւնք Չեն Ստանար…»

Թեպաս. «Մեծ Գումարներ Կը Ծախսեն Եւ Արդիւնք Չեն Ստանար…»

Վերջերս շատ նիւթեր կ՛ըլլան, թէ «Փրեմիեր լիկ»-ի ակումբները շատ մեծ գումարներ կը «ծախսեն»` առանց արդիւնք ստանալու: Լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիէն (Պարսելոնա) ետք «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս իր կարգին խօսեցաւ այս մասին: «Ես համաձայն եմ Լեվանտովսքիի հետ: Անոնք մեծ գումարներ կը վճարեն խաղցողներու վրայ, որոնք վեց մրցում կը կատարեն եւ ապա ոչինչ կ՛ընեն: Եթէ նայինք օրինակ «Ոսկի գնդակ»-ին, եթէ չեմ...

«Ֆորմիւլա 1».  Մեծ Փոփոխութիւններ` 2026-ին

«Ֆորմիւլա 1». Մեծ Փոփոխութիւններ` 2026-ին

2026-ին «Ֆորմիւլա 1»-ը պիտի ունենայ վերջին 25 տարիներու մեծագոյն փոփոխութիւնները: Նոր օրէնքներով պիտի փոխուին ինքնաշարժներուն տեսքը, ձայնը եւ մինչեւ իսկ արագութիւնը: Նպատակը իբրեւ թէ ինքնաշարժները աւելի «ճկուն», մարտունակ եւ դիւրին կառավարուող ըլլալն է: Շատ մը խումբեր արդէն իսկ 2025-էն փոփոխութիւններ չկատարեցին իրենց ինքնաշարժներուն վրայ` կեդրոնանալով 2026-ին վրայ: Խումբերը փակ սրահներու մէջ կ՛աշխատին նոր ինքնաշարժներուն վրայ, բայց ինչ որ հրապարակաւ կ՛երեւի...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթ Մետալակիր  Մալխաս Ամոյեան` Պրոնզ Մետալակիր  Լեթիսիա Աուն Պրոնզ Մետալի Մրցումի Հասաւ

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Զաղրեպի (Խրուաթիա) մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Մալխաս Ամոյեան (77 քկ) դարձաւ աշխարհի ախոյեան երկրորդ անգամ ըլլալով: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր եւ 4 անգամ Եւրոպայի ախոյեան Ամոյեան 10-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ողիմպիականի ոսկի մետալակիր Նաօ Քուզաքան: Հրաչեայ Պօղոսեան (60 քկ) եւ Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ) պրոնզ մետալներ շահեցան: Պօղոսեան պարտութեան մատնած էր սերպ Կէորկի Թիպալովը, մինչ...

«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Ազրպէյճանի Մէջ

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Ազրպէյճանի Մէջ

Ինչպէս պատահեցաւ Մոնցայի մէջ, աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն յաջորդաբար իր 2-րդ կրան փրին շահեցաւ Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան): Վերշթափընի 6-րդ կրան շլեմն էր (յաղթանակ, փոլ-փոզիշըն, ամէնէն արագ շրջանը, մրցումին բոլոր շրջաններուն առաջին դիրք)` իր ասպարէզին մէջ հաւասարելով Լուիս Համիլթընի` 2-րդ դիրքին վրայ, ետ մնալով միայն Ճիմ Քլարքէն (8): Վերշթափըն դարձաւ միայն 3-րդ վարորդը, որ փոլ-փոզիշընէն կը շահէր Պաքուի մէջ: 2024-էն Քանատա...

Փրեմիեր Լիկ.  Լիվըրփուլ 5 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Փրեմիեր Լիկ. Լիվըրփուլ 5 Կէտով Հեռացաւ Արսենալէն

Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի` «Փրեմիեր լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Լիվըրփուլ իր քաղաքի «տերպի»-ին 2-1 արդիւնքով ոչ շատ հաճելի յաղթանակ մը արձանագրեց Էվըրթընի դէմ, բայց 5 կէտով հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Արսենալէն, որ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մանչեսթըր Սիթիի հետ: Միջնապահ Ռայըն Կրավենպերխ բացաւ մրցումին հաշիւը 10-րդ վայրկեանին, ապա 19-րդ վայրկեանին փոխանցեց Ուկօ Էքիթիքէին, որ նշանակեց Լիվըրփուլի...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Եւ Քէյն Կը Շարունակեն Փայլիլ

«Պունտըսլիկա». Պայերն Եւ Քէյն Կը Շարունակեն Փայլիլ

Գերմանիոյ մէջ «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանին Պայերն Միւնիխ շարունակեց իր յաջող ընթացքը եւ արձանագրեց տարեշրջանի իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը բոլոր մրցաշարքերուն` 4-1 արդիւնքով յաղթելով Հոֆենհայմի դաշտին վրայ: Պելճիքացի մարզիչ Վենսան Քոմփանի 5 փոփոխութիւն կատարած էր, ուր Սաշա Պոյ, Քիմ Մին-Ճայ, Լէոն Կորեթցքա, Լենարթ Քարլ եւ Նիքոլաս Ճեքսըն փոխարինած էին Եոսիփ Սթանիշիչը (վիրաւոր), Տայօ Ուփամեքանոն, Եոշուա Քիմիչը, Մայքըլ Օլիսէն եւ Սերժ Կնապրին:...

Page 93 of 1275 1 … 92 93 94 … 1,275

Արխիւներ