Հայ բռնցքամարտիկ Անահիտ Արոյեան շահեցաւ «Տապըլեու. Պի. Էյ.» աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը, Տուպայի մէջ յաղթելէ ետք թանզանիացի Սթումայ Մուքի Փաուլոյի:
8 ռաունտերէ ետք Արոյեան բոլոր իրաւարարներուն կողմէ մեծ առաւելութեամբ տիտղոսը ապահովեց:
Ան 3-րդ ռաունտին մրցակիցը գետին ալ տապալած էր նաք-աութով, որմէ ետք ան ամբողջովին տիրապետեց մրցակիցին վրայ:
Արոյեանի համար այս յաղթանակը շատ կարեւոր էր գրաւելու (52,2-53,5 քկ) «պանթամ-կշիռի» առաջին դիրքը: Այս մարտէն առաջ ան 7-րդ դիրքին վրայ կը գտնուէր` 53 քկ կշիռի դասաւորման մէջ:
Նշենք, որ Անահիտ Արոյեան Ասիոյ «Տապըլեու. Պի. Սի.»-ի ախոյեանի տիտղոսն ալ կը կրէ: Ան իր ասպարէզի ընթացքին 15 յաղթանակ արձանագրած է 4 պարտութեան կողքին:
26 տարեկան Արոյեանի մրցակից Սթումայ 11 յաղթանակ արձանագրած է եւ 6 պարտութիւն կրած: