Հայաստանի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ազգային խումբը պիտի մասնակցի 2025-ի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան), 27 սեպտեմբերէն 2 հոկտեմբերի միջեւ:
Աշխարհի «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ֆետերասիոնի կազմակերպած այս մրցաշարքին տեղի պիտի ունենան երկու կարգի մրցաշարքեր, 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու եւ մեծերու:
Բոլորին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Սպարտակ Միքայէլեանի վրայ, որ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանն է, եւ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի մեծերու առաջին ախոյեանութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ազգային խումբի անդամները.
20 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ
52,2 քկ – Աշոտ Մարգարեան
70,3 քկ – Համլեթ Ասլանեան
ՄԵԾԵՐ
61,2 քկ – Սամուէլ Մարուքեան եւ Մաճիտ Ամարեան
65,8 քկ – Նարեկ Արուսխանեան
74,8 քկ – Սպարտակ Միքայէլեան եւ Մանուէլ Բարսեղեան
79,4 քկ – Սերիոժա Գրիգորեան
Մարզիչներու խմբակ – Ստեփան Շահմուրատեան, Աշոտ Պետրոսեան, Մխիթար Սերոբեան, Գէորգի Օհանեան եւ Յարութիւն Պօղոսեան: