Վերջերս շատ նիւթեր կ՛ըլլան, թէ «Փրեմիեր լիկ»-ի ակումբները շատ մեծ գումարներ կը «ծախսեն»` առանց արդիւնք ստանալու:
Լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիէն (Պարսելոնա) ետք «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս իր կարգին խօսեցաւ այս մասին:
«Ես համաձայն եմ Լեվանտովսքիի հետ: Անոնք մեծ գումարներ կը վճարեն խաղցողներու վրայ, որոնք վեց մրցում կը կատարեն եւ ապա ոչինչ կ՛ընեն: Եթէ նայինք օրինակ «Ոսկի գնդակ»-ին, եթէ չեմ սխալիր, վերջին 15 մրցանակներէն 12-ը «Լա լիկա»-ի մարզիկներ շահած են: Ասիկա մեզի պամար անհանգստութիւն չի պատճառեր: Անոնք կ՛աշխուժացնեն շուկան, բայց երկար տարիներ, եթէ նայինք եւրոպական մրցաշարքերուն, «Լա լիկա»-ի ակումբները նոյնքան յաջող արդիւնք ձեռք կը ձգեն, որքան «Փրեմիեր լիկ»-ի ակումբները, եթէ ոչ աւելի: Բնական է, որ ժամանակ առ ժամանակ բացառութիւններ կրնան ըլլալ: «Փրեմիեր լիկ»-ը կը գերազանցէ «Լա լիկա»-ի պարտքերը նաեւ դրամագլուխի առումով. բայց մնացած կէտերուն առնչութեամբ մենք գոհ ենք», ըսաւ Թեպաս:
Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ակումբներու ծախսերը` ամառնային փոխանցումներու պատուհանի բացման ընթացքին, մրցանիշ հաստատած էին 3,57 միլիառ եւրոյով: