Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Շարունակական Գործը Արդիւնաւէտ Կ՛ըլլայ

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Ամէն գործ յաջողելու համար չի բաւեր լաւ աշխատիլը 1 օր, 1 շաբաթ, 1 ամիս, 1 տարի: Կարեւորագոյն բանը երկար յաջողութիւն ունենալու եւ տարիներով արդիւնաւէտ ըլլալու համար շարունակական աշխատանքն է:

Մարզական աշխարհին մէջ աշխատանքն ալ նմանօրինակ հետեւողականութիւն կ՛ենթադրէ, ուր միշտ պէտք է աշխատիլ, որ ակումբներ գոյատեւեն եւ արդիւնք տան:

Կարեւորագոյն բանը ամուր հիմք դնելն է, ապա ժամանակի ընթացքին պզտիկ քայլերով, հետզհետէ քայլերը մեծցնելով, հաստատ քայլեր առնելով յարատեւելն է:

Վերջերս կը կարդայի Պայերն Միւնիխի ակումբին մասին, որուն տարիներու յաջողութիւնները պարզ բախտով չեն եղած: Մինչեւ հիմա ակումբը վստահած է Ուլի Հէօնեսին (73 տարեկան) եւ Քարլ Հայնց Ռումենիկէին (որ այսօր 70 տարեկանը կ՛ամբողջացնէ), որոնք տարիներով նախագահի եւ տնօրէնի պաշտօնները ստանձնելէ ետք այժմ պատուոյ նախագահ են եւ կը վերահսկեն ամէն ինչի, որ տեղի կ՛ունենայ ակումբին մէջ:

Անոնք նոյնիսկ կը մտածեն մօտիկ ապագային խումբի անձնակազմին միացնել Թոմաս Միւլըրը, որ այժմ քանատական ակումբէ կը խաղայ, եւ իրեն նման հաւատարիմ դէմքեր կրնան Միւնիխի ակումբի «շունչ»-ը մտցնել նոր մարզիկներուն: «Պէտք է ըսես մարզիկներուն եւ իրենց գործակատարներուն, թէ մենք չենք ուզեր այս կամ այդ: Մարզիկները միշտ կը խօսին գնահատումի մասին, բայց այս ձեւի «գնահատումը» եւրօ կը կոչուի: Ակումբին համար խաղալը տարբեր բան պէտք է ըլլայ», ըսաւ Ռումենիկէ:

Ուրեմն այս մտահոգութիւնը միայն Լիբանանի մէջ չէ, ամէն տեղ նոյն ձեւի մտածող կայ, եւ «շապիկին համար խաղցողներ կան»:

Շատ կարեւոր է այդ հոգեբանութիւնը մտցնել մարզիկներուն մէջ… ՀՄԸՄ-ին մէջ: Շատ լսած ենք եւ տեսած մարզիկներ, որոնք իրապէս դաշտին մէջ իրենց կարելին կու տան, եւ նոյն բանը տեսանք վերջերս ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց խումբին մէջ:

Բազմաթիւ մարդիկ կը քննադատեն, թէ հայ տղոց թիւը շատ չէ եւ աւելի պէտք է ըլլայ: Ունինք մեծ թիւով երիտասարդ տղաք, որոնց վրայ ճիշդ ձեւով աշխատելով այդ երազը անշուշտ կրնայ իրականանալ` առնուազն 1980-ականներուն կամ 1990-ականներուն նման գոհացուցիչ խումբ մը ունենալու համար առաջին դասակարգին մէջ:

Կարեւորը այն է, որ գործը շարունակական ըլլայ, որ արդիւնաւէտ ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Անահիտ Արոյեան` Ախոյեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Չելենճ Քափ 2025».  ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը
Մարզական

«Չելենճ Քափ 2025». ՀՄԸՄ-ի «Փորձ»-ի Մրցաշարքը

Հոկտեմբեր 13, 2025
Ծանրաբարձութիւն.  Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Վարազդատ Լալայեան` Աշխարհի Ախոյեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Մելիքեան. «Առիթներ Ունէինք Կէտեր Խլելու…»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?