Ինթեր Միլանի նախագահ Ճիուսեփէ Մարոթթա խօսեցաւ Միլանի մէջ նոր մարզադաշտերու կառուցման կազմակերպման հետ կապուած դժուարութիւններու մասին եւ սպառնաց լքել քաղաքը, եթէ իրավիճակը չբարելաւուի:
«Իբրեւ ֆութպոլի հետ կապուած անձ, եւ քիչ մը կ՛ամչնամ այս իրավիճակին հետ գործ ունենալուս համար: Միլանի մէջ մարզանքը երկրորդ կարգի վրայ կը գտնուի: Մենք չենք կրնար բաւարարել «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումը Սան Սիրոյի մէջ կազմակերպելու չափանիշները, եւ մարզադաշտը թոյլտուութիւն չստացաւ եւրօ 2032-ն հիւրընկալելու համար:
Այս բոլորին պատճառը այն է, որ 30 տարի առաջ մարդիկ մտած են քաղաքականութիւն եւ շատ պահպանողական են, չեն հասկնար, որ Ինթերի եւ Միլանի նման ակումբներու համար անպայման անհրաժեշտ է նոր մարզադաշտ մը, որ կը համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներուն: Եթէ այս իրավիճակը չլուծուի, երկու ակումբներն ալ ստիպուած կը լքեն քաղաքը: Սարսափելի բան մըն է քաղաքին համար: Ես լաւատես եմ, կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ քաղաքապետը, եւ յոյսով եմ, որ առողջ բանականութիւնը կը յաղթէ», ըսաւ Մարոթթա «Ֆութպոլ Իթալիա» թերթին: