Մարզական

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա Հանգիստ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 5-րդ հանգրուանին, իր նախկին 4 մրցումներուն յաղթած Ռէալ Մատրիտ եւ Բ. դիրքը գրաւող Պարսելոնա հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Էսփանիոլի (2-0) եւ Խեթաֆէի (3-0) դէմ մրցումներուն: Էտեր Միլիաթու (ուժգին հարուածով) եւ Քիլիան Էմպափէ նշանակեցին Ռէալի կոլերը: Ասիկա Էմպափէի 5-րդ կոլն էր այս տարեշրջանին եւ մէկ կոլով կը գերազանցէ Պարսելոնայի Ֆեռան Թորեսին, որ 2 կոլեր նշանակեց կիրակի օրուան մրցումին`...

«Սերի Ա.» Եուվենթուս Չկրցաւ Յաղթել Վերոնային. Ա. Էս. Ռոմա Շահեցաւ Մայրաքաղաքի Տերպին

«Սերի Ա.» Եուվենթուս Չկրցաւ Յաղթել Վերոնային. Ա. Էս. Ռոմա Շահեցաւ Մայրաքաղաքի Տերպին

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն Եուվենթուս չկրցաւ յաղթել եւ Վերոնայի դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց անոր հետ: Ֆրանսիսքօ Քոնսեքաօ 19-րդ վայրկեանին նշանակեց Եուվէի կոլը, բայց նիկերիացի Կիֆթ Օրպան փենալթիով նշանակեց Վերոնայի հաւասարութեան կոլը: Վերոնա շատ աւելի առիթներ կորսնցուց, հակառակ անոր որ Եուվէ գնդակին աւելի կը տիրապետէր: Ա. Էս. Ռոմա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լացիոն` «Ռոմայի տերպի»-ին: Լորենցօ Փելեկրինի...

Մուրինիօ Կը Ստանձնէ Պենֆիքայի  Մարզիչի Պաշտօնը

Մուրինիօ Կը Ստանձնէ Պենֆիքայի Մարզիչի Պաշտօնը

Փորթուգալցի փորձառու մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ պիտի ըլլայ Պենֆիքայի նոր մարզիչը` ըստ փորթուգալցի Փաուլօ Պարպոսային: «Այո՛, Մուրինիօ շուտով պիտի գլխաւորէ Պենֆիքան: Ան արդէն որոշած է ստանձնել ակումբին ղեկը», ըսած է Պարպոսա: Ըստ Պարպոսայի, Մուրինիօ ապագային կը փափաքի մարզել նաեւ Փորթուգալի ազգային խումբը: Մուրինիոյի վերջին ակումբը եղած էր Թուրքիոյ Ֆեներպահչէն, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի մրցումներէն դուրս մնացած էր նոյնինքն Պենֆիքայի պատճառով: Փորթուգալի...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը Պատրաստ Է 2025-2026 Տարեշրջանին

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի Խումբը Պատրաստ Է 2025-2026 Տարեշրջանին

Երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի 2025-2026 տարեշրջանի խումբը: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանի խօսքէն ետք պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Կի Մանուկեան ներկայացուց մարզիկները` մեծ թիւով պատասխանատու անձերու եւ համակիրներու ներկայութեան: Ներկայացուեցան 13 մարզիկներ, լիբանանցի Փիթըր Տեքիրմենճեանի, Ճէյսըն Սուֆանի, Կերի Չիւիչեանի եւ Կապրիէլ Աճէմեանի միացան Թանիոս Աքիքի, որ նախապէս խաղցած էր ՀՄԸՄ-ի հետ, Սէրուժ Աւետիսեան, որ անցեալ եղանակին...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ,  Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթանակներով Սկսան

«Չեմփիընզ Լիկ». Ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, Լիվըրփուլ, Պայերն Եւ Ինթեր Յաղթանակներով Սկսան

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն չորեքշաբթի գիշեր յաղթանակով սկսաւ այս տարուան մրցաշարքը` 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթալանթային, հակառակ Պրատլի Պարքոլայի կորսնցուցած փենալթիին: «Հաճոյք է այս մակարդակի ֆութպոլ դիտելը: Կարծեմ մեր համակիրները ուրախ մնացին», ըսաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի խումբին մարզիչ Լուիս Էնրիքէ: Լիվըրփուլ շատ լաւ ձեւով սկսելէ ետք կը կարծուէր, թէ շատ հանգիստ յաղթանակ մը պիտի արձանագրէր Աթլեթիքօ Մատրիտի...

Փարաբազկամարտ.  Սարգիս Ստեփանեան` Աշխարհի Ախոյեան

Փարաբազկամարտ. Սարգիս Ստեփանեան` Աշխարհի Ախոյեան

Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ փարաբազկամարտի (հաշմանդամութիւն ունեցողներու) աշխարհի 27-րդ ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը ներկայացնող Սարգիս Ստեփանեան 80 քկ կշիռի մրցումներուն դարձաւ աշխարհի ախոյեան` 4-րդ անգամ ըլլալով: «Ասիկա իմ ախոյեանութեան չորրորդ տիտղոսն է, եւ իմ մարզական ուղիի ընթացքին դարձած եմ Եւրոպայի ախոյեան, ինչպէս նաեւ շահած եմ աշխարհի բաժակը 2 անգամ: Շնորհակալ եմ բոլորին` աջակցութեան եւ վստահութեան համար: Այս յաղթանակը...

Բազկամարտ.  Արման Մրտէեան` Աշխարհի Փոխախոյեան

Բազկամարտ. Արման Մրտէեան` Աշխարհի Փոխախոյեան

Պուլկարիոյ Ալպենա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի 46-րդ ախոյեանութեան, Հայաստանը ներկայացնող 60 քկ կշիռի Արման Մրտէեան երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան: Մրտէեան, որ 7 անգամ բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեան դարձած է, կը մասնակցի մինչեւ 23 տարեկաններու տարիքային խումբին հետ: Նշենք, որ բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան կը մասնակցին 59 երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Եուրի Ճորքայեֆ Մասնակցեցաւ Բարեսիրական Մրցումի Մը` Լիզպոնի Մէջ

Եուրի Ճորքայեֆ Մասնակցեցաւ Բարեսիրական Մրցումի Մը` Լիզպոնի Մէջ

Վերջերս Լիզպոնի մէջ կազմակերպուեցաւ բարեսիրական մրցում մը, որուն նպատակն էր 1 միլիոն եւրօ հաւաքել` օգնելու Փորթուգալի եւ Ուքրանիոյ բարեգործական կազմակերպութիւններուն: Մրցումը տեղի ունեցաւ Փորթուգալի հին աստղերուն եւ աշխարհի աստղերուն միջեւ: Փորթուգալի ազգային խումբին մաս կազմեցին Լուիշ Վիկօ, Թիակօ, Քուարեշմա, Վիթոր Պայա, Նանի, Փեփէ, Տեքօ եւ այլ աստղեր, մինչ աշխարհի կազմին մաս կազմեցին Քաքա, Ալեսանտր Տել Փիերօ, Հրիսթօ Սթոյչքով, Ճիորճի Հաճի,...

Անչելոթթի Կը Խօսի 2026-ի Մոնտիալի Մասին

Անչելոթթի Կը Խօսի 2026-ի Մոնտիալի Մասին

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յայտարարեց, որ պատրաստ է Ֆլումինենսէի 40 տարեկան յետսապահ Թիակօ Սիլվային հրաւիրել 2026-ի մոնտիալին մասնակցելու: Սիլվան աւելի կանուխ յայտնած էր, թէ կը ցանկայ խաղալ մոնտիալին` իր նախկին մարզիչին գլխաւորութեամբ: Անչելոթթի - Սիլվա զոյգը նախապէս համագործակցած է Ա. Սէ. Միլանի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մէջ: «Ես Թիակոն շատ լաւ կը ճանչնամ, եւ վերջերս խօսեցանք ալ:...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը.  Պատուեց «Ռան Տը Սիթի»-ի Յաղթականները`  Վաւերացուած Արդիւնքներէն Ետք

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւնը. Պատուեց «Ռան Տը Սիթի»-ի Յաղթականները` Վաւերացուած Արդիւնքներէն Ետք

Պէյրութ մարաթոն միութիւնը հանդիսութեամբ մը պատուեց վերջերս տեղի ունեցած «Ռան տը սիթի» 2-րդ մրցումին յաղթականները, Պէյրութի «Տիճիթըլ տիսթրիքթ» (Պէ. Տէ. Տէ.) շրջանի իր սրահին մէջ ներկայութեամբ իր նախագահ Մայ Խալիլի, փոխնախագահ Հասսան Ռըսթոմի եւ քարտուղար ու մամլոյ տեղեկատու Հասսան Մուհիէտտինի, ինչպէս նաեւ միութեան անդամներուն եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ու քաղաքապետական ներկայացուցիչներու, ակումբներու եւ մարզիկներուն ընտանիքներուն: Բացումին, Լիբանանի քայլերգին հնչելէն ետք, խօսք...

Ծովակ Քէօշկերեան Պաշտօնապէս «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ Արձանագրուեցաւ

Ծովակ Քէօշկերեան Պաշտօնապէս «Դիւցազնագիրք»-ին Մէջ Արձանագրուեցաւ

2015-ին 13 տարեկան լիբանանահայ աշակերտ Ծովակ Քէօշկերեան բարձրացած էր Արարատի` գագաթը` դառնալով լերան բարձրութիւնը յաղթահարող ամէնէն կրտսեր աղջնակը: 10 տարի ետք հայկական մրցանիշներու «դիւցազնագիրք»-ին մէջ անոր անունը պաշտօնապէս գրանցուեցաւ: Ծովակ Քէօշկերեանի պատմական քայլը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ան այսօր Լիբանանը կը ներկայացնէ Մուայ Թայի միջազգային մրցաշարքերուն` նկատի ունենալով, որ ան արհեստավարժ մարտիկ մըն է, որ Մուայ Թայ եւ Քէյ-1...

Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան` Արծաթէ Մետալակիր

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան` Արծաթէ Մետալակիր

Եւրոպայի ախոյեան, երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելենճ Քափ» մրցաշարքին դարձաւ արծաթէ մետալակիր: Մանուկեան նժոյգ թափեր վարժութեան աւարտականին ձեռք ձգած է 14.800 կէտ` գրաւելով երկրորդ դիրքը: Այս վարժութեան ոսկի մետալ շահեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նարիման Քուրպանով, որ 15.066 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ պրոնզ մետալ շահեցաւ իտալացի Կապրիելէ Թարկեթա` 14.733 կէտ շահելէ ետք: Նշենք,...

Թալալայեւի Զարմանալի Պատասխանը

Թալալայեւի Զարմանալի Պատասխանը

Ռուսիոյ Պալթիքա Քալինինկրատի գլխաւոր մարզիչ Անտրէյ Թալալայեւ վերջերս ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին հարցումի մը պատասխանեց տարօրինակ ձեւով: «Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Ալեքսէյ Պաթրաքովի փոխանցման արժէքը նոյնն է, 12 միլիոն եւրօ: Եթէ ունենայիք 12 միլիոն եւրօ` այս երկու ֆութպոլիստներէն մէկը ձեռք ձգելու համար, զո՞վ կ՛ընտրէիք եւ ինչո՞ւ», հարց տուաւ Անտրէ Վիքթորովիչ: Թալալայեւ ըսած է. «Էտուարտ Սփերձեան: Պաթրաքով տաղանդաւոր...

Սլովաքիա` Եւրոպայի Ախոյեան…

Սլովաքիա` Եւրոպայի Ախոյեան…

1976-ին Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը (Եուրոն) տեղի ունեցած էր Եուկոսլաւիոյ մէջ: Օրին տարբեր էր գրեթէ ամէն ինչ. կը մասնակցէին 4 խումբեր, որոնք զտումներէ մնացած էին` հասնելով Եուրոյին, կիսաւարտականի հասած խումբերու նման: Չեխոսլովաքիա առաջին մրցումին Զաղրեպի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աշխարհի փոխախոյեան Նետերլանտները` յետ երկարաձգման, անձրեւոտ մթնոլորտի մէջ դուրս ձգելով Եոհան Քրոյֆի խումբը, մինչ օր մը ետք Պելկրատի մէջ աշխարհի ախոյեան...

Քոպի Մէյնու Կրնայ Մեկնիլ Ռէալ Մատրիտ

Քոպի Մէյնու Կրնայ Մեկնիլ Ռէալ Մատրիտ

Ռէալ Մատրիտ տեղեկութիւններ խնդրած է Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Քոպի Մէյնուի մասին` յառաջիկայ ձմեռնային փոխանցումներու պատուհանի ընթացքին հաւանական տեղափոխութեան առնչութեամբ: Ըստ «Կլոպըլ Թրանսֆեր նիուզ»-ի մէկ լրագրողին, Մէյնու պատրաստ է անմիջապէս տեղափոխուելու Մատրիտ, եթէ առաջարկը գոհացնէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Կը նշուի, որ Եունայթըտ 80 միլիոն եւրօ կ՛ուզէ եւ դիւրութեամբ չ՛ուզէր «ղրկել զայն»: Մէյնույով հետաքրքրուած են նաեւ Նափոլի, Պայերն Միւնիխ եւ Լիոն: Ան Մանչեսթըր...

Աթլեթիզմ.  Արմանտ Տուփլանթիսի Նոր Մրցանիշը

Աթլեթիզմ. Արմանտ Տուփլանթիսի Նոր Մրցանիշը

Արմանտ Տուփլանթիս 14-րդ անգամ ըլլալով բարելաւեց ձողով բարձրութիւն ցատկելու իր մրցանիշը, երբ 6,30 մեթր բարձրութիւնը յաջողութեամբ կտրեց Թոքիոյի մէջ աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումներուն: Տուփլանթիս շատ դիւրութեամբ անցած էր զտումի մրցումներէն անցեալ շաբաթ օր, իսկ երկուշաբթի օր սկսած էր աւարտական հանգրուանը 5,55 մեթրով: 25 տարեկան շուէտացի աստղը նախընտրեց չմասնակցիլ 5,75 մեթր բարձրութեան մրցումներուն, երբ իր ամէնէն մօտ մրցակիցները` Էմանուիլ Քարալիս եւ...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Արսենալ, Թոթենհամ Եւ Ռէալ Մատրիտ  Յաղթանակներով Սկսան

«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ, Թոթենհամ Եւ Ռէալ Մատրիտ Յաղթանակներով Սկսան

Երեքշաբթի օր սկսաւ 2025-2026 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ը, ուր առաջին օրուան մրցումներուն Արսենալ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սպանիոյ Աթլեթիք Պիլպաոյի դաշտէն: Մարթինելլի եւ Թրուար Բ. կիսախաղին նշանակեցին Արսենալի կոլերը: Պելճիքայի Ռոյալ Իւնիոն Սեն Ժիլուազ ակումբը իր պատմութեան առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումը կատարեց եւ յաղթեց ՓՍՎ Այնտովընի դաշտին վրայ (3-1)` անակնկալ արդիւնքով մը: Գեղեցիկ մրցում էր Եուվենթուս Տորթմունտ (4-4) մրցումը,...

Հեծելարշաւ.  «Մաունթըն Պայք»-ի Ախոյեանութիւն

Հեծելարշաւ. «Մաունթըն Պայք»-ի Ախոյեանութիւն

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ, կիրակի օր տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Մաունթըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Քֆարտեպիանի քաղաքապետութեան եւ «Մաունթ Սփորթց Քֆարտեպիան» ակումբին: Իրենց մասնակցութիւնը բերին 6 միութիւններ, մրցումի մը, որ տեղի ունեցաւ Քֆարտեպիանի (Քեսրուան) մէջ: Լիբանանի ախոյեան դարձաւ Զահեր Հաժժ` Էլիթ վարորդներու մրցումին, իսկ 2-րդ դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ Այնճարի մարզիկ ժորժ Ուաքիմ: Մասթըրզի մրցումներու առաջին դիրքը գրաւեց Խալետ Տիապ, իսկ երիտասարդներու ախոյեան...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Պրոնզ Մետալ Շահեցաւ

Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը մէկ մետալ կրցաւ շահիլ: Եւրոպայի քառակի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ) պրոնզ մետալի արժանացաւ: 25 տարեկան հայ ըմբիշը 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մեքսիքացի Ռոման Կիյերմօ Պրաւօ Եանկի դէմ: Արսէնի 4-րդ պրոնզէ մետալն էր այս` աշխարհի ախոյեանութիւններուն: Յարութիւնեան նախապէս դուրս ձգած էր ուքրանացի Վլատիսլաւ Ապրամովը (10-0), Մոնկոլիայէն...

Ռոնալտօ «Ոսկի Կօշիկ» Ստացաւ

Ռոնալտօ «Ոսկի Կօշիկ» Ստացաւ

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի Նասրի մրցումէն առաջ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ «Ոսկի կօշիկ» ստացաւ` իբրեւ նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն կոլ-սքորըր (25 կոլ): Ասիկա Ռոնալտոյի յաջորդական երկրորդ «Ոսկի կօշիկ» մրցանակն է Սէուտական «փրօ-լիկ»-ի գծով: Նասր 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խուլուտը: Կոլերը նշանակեցին Սատիօ Մանէ եւ Ինյիկօ Մարինես: Այս մրցումին Ռոնալտօ կոլ չնշանակեց, բայց երկու կոլերուն մէջ ալ պատրաստութեան մէջ «ձեռք ունէր»: Նասր...

Page 94 of 1275 1 … 93 94 95 … 1,275

Արխիւներ