Անգլիոյ Լիկայի բաժակի («Քարապաօ» բաժակ) 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն անակնկալներ չարձանագրուեցան. Թոթենհամ, Մանչեսթըր Սիթի, Արսենալ եւ Նիւքեսըլ յաղթական դուրս եկան` հասնելով Դ. հանգրուան:
Թոթենհամի մրցումին Պայերն Միւնիխէն ժամանած Ժոաու Փալինիայի մկրատային հարուածով կոլը շատ գեղեցիկ էր` Տոնքեսթըր Ռովըրզի դէմ, ուր Լոնտոնի ակումբը 3-0 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:
Դ. հանգրուանին «տաք» մրցումներ տեղի պիտի ունենան Լիվըրփուլի եւ Քրիսթըլ Փելեսի միջեւ, իսկ Նիւքեսըլ պիտի հիւրընկալէ Թոթենհամը: Արսենալ Լոնտոնի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պրայթընը:
Ստորեւ` Գ. հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.
Հատըրսֆիլտ – Մանչեսթըր Սիթի 0-2
Նիւքեսըլ – Պրատֆորտ Սիթի 4-1
Թոթենհամ – Տոնքեսթըր Ռովըրզ 3-0
Փորթվեյլ – Արսենալ 0-2
Դ. հանգրուանի յայտագիրը.
Արսենալ – Պրայթըն
Կրեմզպի – Պրենթֆորտ
Սուանսի – Մանչեսթըր Սիթի
Նիւքեսըլ – Թոթենհամ
Ռեքսհամ – Քարտիֆ
Լիվըրփուլ – Քրիսթըլ Փելես
Վուլվզ – Չելսի
Ուիքոմպ – Ֆուլհամ
– ՍՊԱՆԻՈՅ «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, Աթլեթիքօ Մատրիտ տարեշրջանի իր 2-րդ յաղթանակը արձանագրեց շնորհիւ Խուլիան Ալվարեսի հեթ-թրիքին` Ռայօ Վայեքանոյի դէմ (3-2)
8-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիքօ 9 կէտով ետ կը մնայ իր քաղաքակից Ռէալ Մատրիտէն:
Ռէալ Սոսիետատ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մայորքային` Միքել Օյարսոպալի կոլին շնորհիւ, մինչ Խեթաֆէ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ալաւեսի հետ: