Շուէտացի թենիսի պատմական աստղ Պիորն Պորկ յայտարարեց, թէ քաղցկեղի վատ ձեւին «բռնուած» է եւ պիտի պայքարի «ամէն օր Ուիմպըլտընի աւարտականին նման»:
11 անգամ կրան-շլեմի ախոյեան Պորկ վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ 2024-ին եւ այժմ կը փորձէ ազատիլ քաղցկեղէն:
Պորկ, որ 5 յաջորդական Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքեր շահած էր 1976-էն 1980, ինչպէս նաեւ 6 Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի, 26 տարեկանին լքած էր թենիսը` անակնկալի մատնելով թենիսի աշխարհը:
«Խօսեցայ բժիշկիս հետ եւ ան յայտնեց, թէ շատ վատ է կացութիւնս»:
Ան ըսաւ, որ ունիմ քնացած քաղցկեղի այս բջիջները, եւ մեծ պայքար պէտք է տանիմ ապագային: 6 ամիսը անգամ մը կ՛երթամ քննուելու: Երկու շաբաթ առաջ կատարեցի իմ վերջին քննութիւններս: Պէտք է շարունակեմ այս վիճակով», ըսաւ Պորկ:
Ան ըսաւ, որ միշտ ալ կ՛երթար սովորական քննութիւններու, եւ 2023-ին երեւան ելաւ քաղցկեղի հիւանդութիւնը:
«Բան մըն է, որ բնաւ չես զգար… լաւ կը զգաս, եւ անակնկալօրէն երեւան կ՛ելլէ», ըսաւ Պորկ, որ 109 շաբաթ թիւ 1 թենիսմեն դասուած է:
«Յուսամ լաւ պիտի ըլլամ: Օրէ օր, տարիէ տարի, յոյսով»: 1991-ին ան փորձած էր վերադառնալ կարճ ժամանակով եւ մասնաւոր արդիւնք չէր տուած:
Իր լաւ օրերուն, Պորկ բուռն պայքար ունէր Ճոն Մաքընրոյի հետ, եւ 1980-ի Ուիմպըլտընի աւարտական մրցումը կը նկատուի թենիսի պատմութեան ամէնէն գեղեցիկ մրցումներէն մէկը: Ամերիկացի Մաքընրօ շահած էր 4-րդ սեթը 18-16 թայ-պրէյքի արդիւնքով, բայց Պորկ շահած էր 5-րդ եւ վճռական սեթը` դառնալով ախոյեան:
«Այժմ նոր մրցակից մը ունիմ` քաղցկեղը… որ զսպելի չէ: Բայց պիտի յաղթեմ անոր: Պիտի չյանձնուիմ: Ամէն օր պիտի պայքարիմ` կարծելով, թէ ամէն օր Ուիմպըլտընի աւարտական մրցում ունիմ: Եւ այդ օրերը ընդհանրապէս լաւ կ՛աւարտին, չէ՞», եզրափակեց Պորկ: