Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցան «Լա լիկա»-ի 6-րդ հանգրուանէն քանի մը մրցումներ, որոնց ընթացքին Ռէալ Մատրիտ իր յաջորդական 6-րդ մրցումը յաղթեց` պարտութեան մատնելով Լեվանթէն Վալենսիայի մէջ, 4-1 արդիւնքով: Վինիսիուս Ժունիոր, Մասթանթունօ եւ Էմպափէ (2) նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Ստորեւ արդիւնքները.
Լեվանթէ – Ռէալ Մատրիտ 1-4
Սեւիլիա – Վիարէալ 1-2
Աթլեթիք Պիլպաօ – Ժիրոնա 1-1
Էսփանիոլ – Վալենսիա 2-2
. Անգլիոյ Լիկայի բաժակի 1/16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով պարտութեան մատնեց Սաութհեմփթընը: Ալեքսանտր Իսաք իր առաջին կոլը նշանակեց Լիվըրփուլի շապիկով, բայց Սաութհեմփթընի հաւասարութեան կոլէն ետք անգամ մը եւս պէտք եղաւ… «ուշ կոլ»-ի յաղթելու: Ուկօ Էքիթիքէ, որ կիսախաղին փոխարինած էր Իսաքը, դեղին քարտ մը ունէր եւ 86-րդ վայրկեանին նշանակեց 2-րդ կոլը եւ… իր շապիկը հանելով տօնեց կոլը: Ան տօնելէ ետք կոլը ստացաւ իր 2-րդ դեղին քարտը եւ վտարուեցաւ:
Ստորեւ` կարեւորագոյն արդիւնքները.
Լինքոլն – Չելսի 1-2
Պրեթֆորտ – Ասթոն Վիլա 2-1
Վուլվզ – Էվըրթըն 2-0
Քրիսթըլ Փելես – Միլուոլ 2-1
Պարնզլի – Պրայթըն 0-6