Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ շահեցաւ 2025-ի «Պալոն տ՛օր»-ը Շաթըլէի (Ֆրանսայի) մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին` դառնալով 6-րդ ֆրանսացին, որ Ռեմոն Քոփայի, Միշել Փլաթինիի, Ժան-Փիեռ Փափենի Զինետին Զիտանի եւ Քարիմ Պենզեմայի կը յաջորդէ:
Սպանացի Այթանա Պոնմաթի իր կարգին շահեցաւ աղջկանց «Պալոն տ՛օր»-ը, յաջորդաբար 3-րդ տարին ըլլալով Փլաթինիէն (1983-1985) եւ Լիոնել Մեսսիէն (2009-2012) ետք:
Տեմպելէ գլխաւորած էր Փարիզ Սեն Ժերմենը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ը: Փարիզ Սեն Ժերմեն 4 տիտղոս շահած էր անցեալ եղանակին` ախոյեանութեան բաժակի եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի տիտղոսներով: Տեմպելէ գրաւեց առաջին դիրքը, Բ. դիրքը գրաւեց սպանացի Լամին Եամալ, որ յուլիսին 18 տարեկան դարձաւ: Եամալ շահեցաւ «Քոփա» տիտղոսը` լաւագոյն երիտասարդ (21 տարեկանէն վար) մարզիկը դառնալով, յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով:
Տեմպելէի խմբակից Ճիանլուիճի Տոնարումա ընտրուեցաւ լաւագոյն բերդապահ, մինչ աղջկանց լաւագոյն բերդապահ ընտրուեցաւ անգլիացի Հաննա Հեմփթըն:
Պարսելոնայի աղջկանց խումբի մարզիկ Վիքի Լոփես «Քոփա» տիտղոսը, մինչ մարզիչներու տիտղոսները շահեցան Լուիս Էնրիքէ եւ Սարինա Վիկման:
«Կերտ Միւլըր մրցանակ»-ը շահեցան Վիքթոր Եոքերեշ եւ Էվա Փախոր (Պարսելոնա), որոնք ամէնէն շատ կոլերը նշանակած էին անցեալ տարեշրջանին: Եոքերեշ Սփորթինկ Լիզպոնը լքելով այժմ Արսենալի յառաջապահն է: