Էրիկ Դաւթեան Իր Առաջին Ելոյթը Ունեցաւ Կիպրոսի Բարձրագոյն Դասակարգին Մէջ
18 տարեկան հայ ծայրի յառաջապահ Էրիկ Դաւթեան իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Կիպրոսի բարձրագոյն դասակարգին մէջ, երբ դաշտ ներկայացաւ իր նոր խումբին` Քրասաւայի հետ: Քրասաւա, որ 7-րդ դիրքը կը գրաւէ, 4-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ա. Է. Ք. Լառնաքայէն: Ա. Է. Ք. 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Արիսի եւ Փաֆոսի ետին: Դաւթեան սեպտեմբերի սկիզբը միացաւ Քրասաւային` լքելէ ետք Ֆինլանտայի Հոնքա ակումբը, որուն հետ...




















